ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ հիւրընկալեց «Հայկեան» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի տարածքէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ։ «Armenia First» նախաձեռնութեան եւ «Help» հիմնադրամին կողմէ համատեղ նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի «Հայկեան» մրցանակաբաշխութիւնը, որու այս տարուան դափնեկիրները Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին ու անկէ վերջ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են թէ՛ Արցախին եւ թէ Հայաստանին։

Հանդիպման ընթացքին «Help» հիմնադրամի համահիմնադիր Լուսինէ Փիլոյեան սրբազանին ներկայացուց հիւրերը, նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ այն նոր նախաձեռնութիւններուն ու ծրագրերուն շուրջ, որոնց իրականացումը կը նախատեսուի Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս։

Ողջունելով հիւրերու այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան անոնց փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Հայկեան» մրցանակակիրներուն մասին՝ զանազան ժամանակաշրջաններով, յատկապէս՝ 44-օրեայ վերջին պատերազմի ընթացքին տարբեր ոլորտներէ ներս Հայաստանին ու Արցախին ցուցաբերուած աջակցութեան կապակցութեամբ։

Նորին Սրբազնութիւնը չափազանց կարեւոր համարեց հոգեւոր միասնականութեան արժէքները՝ մասնաւորապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ առանցքային գործօն մը կը համարուի ազգի եւ հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։ Ըստ իրեն, հայ հասարակութեան եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ու փորձութիւններու յաղթահարումով կարելիութիւն կը ստեղծուի ձգտիլ ու հասնիլ նոր յաղթանակներու։

Իրենց հերթին հիմնադրամներու ներկայացուցիչները երախտագիտութեամբ ընդգծեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ջանքերը՝ հայկական մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման եւ այս ուղղութեամբ յամառօրէն յառաջ տարուած աշխատանքներուն համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021