ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ երկօրեայ համաժողովը։ Այս միջազգային հաւաքոյթը կազմակերպուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի ու Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբի։ Վեհարանի հանդիսութիւններու նորակառոյց սրահի երդիքին տակ այս առթիւ համախմբուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, քոյր եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ գիտնականներ եւ հասարակական գործիչներ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս արտասովոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հիւրերու ներկայութեամբ, մանաւանդ՝ զեկուցումներու եւ ելոյթներու ընթացքին ի յայտ եկած հեղինակաւոր կարծիքներու, դիտարկումներու ճոխութեամբ։

Համաժողովի բացման Վեհափառ Հայրապետը մասնակիցներուն տուաւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ան համաժողովի առաջին օրուայ աւարտին հիւրընկալեց եկեղեցական կառոյցներու ղեկավարներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչները։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց Նորին Սրբութեան՝ համաժողովի բացման արտասանած խօսքին բնագիրը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Համաժողովի յարգելի մասնակիցներ,

Ուրախ ենք ողջունել ձեզ հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ բերել Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը «Կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ այս համաժողովին առթիւ։ Գնահատելի են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործող Արցախի կրօնամշակութային արժէքներու պահպանութեան բաժնի եւ յանձնախումբի ջանքերը՝ այստեղ մէկտեղելու ազատութեան ու խաղաղութեան վեհ գաղափարներու համար աշխարհի մէջ իրենց ծառայութիւնը բերող նուիրեալներ, որոնց համատեղ ջանքերու համագումարը մեծապէս կը նպաստէ այդ գաղափարներու վերարժեւորման ու ամրապնդման։ Ազատութեան եւ խաղաղութեան գաղափարները մարդկութեան պատմութեան տարեկիցներն են եւ այսօր ալ կը շարունակեն մնալ արդիական՝ մանաւանդ երբ աշխարհի զանազան մասերուն մէջ բռնութիւններու, հակամարտութիւններու, պատերազմներու առկայութիւնը յաճախ կը փորձուի հիմնաւորել ազատութեան կամ խաղաղութեան հաստատման կեղծ օրակարգերով։ Ըստ քրիստոնէական մտածողութեան՝ ազատութիւնը կը դրսեւորուի Բարձրեալի կամքին հետ մարդկային կամքի ներդաշնակութեամբ։ Այս համոզումով Պօղոս առաքեալ կը յայտարարէ. «Ուր որ Տիրոջ Հոգին է, այնտեղ ազատութիւն է» (Բ Կորնթ. 3.17)։ Յիրաւի, առանց ազատութեան եւ խաղաղութեան գաղափարներու վերաբերեալ կրօնական վսեմ ըմբռնումի, հնարաւոր չէ հասնիլ մարդկային ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ճշգրիտ ընկալման ու իրացման։

Աշխարհիկ հասկացութեամբ ազատութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս անձի կամքի արտայայտման եւ ազատ գործելու իրաւունք՝ այլոց ազատութիւններու հանդէպ վտանգներու ու սահմանափակումներու բացառումով։ Ազատութեան գաղափարի ըմբռնումները, ինչ հիմքերու վրայ ալ կառուցուած ըլլան, անվիճարկելիօրէն կոչուած պէտք է ըլլան ծառայելու մարդոց ներդաշնակ ու խաղաղ համակեցութեան ապահովման, սուրբգրային «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14) պատգամի իրագործման։ Այս իմաստով կը ցանկանանք բարձրաձայնել Մեր երջանկայիշատակ նախորդներէն Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքերը խաղաղութեան մասին. «Ամէն բանի մասին կարելի է տարակարծիք ըլլալ ու վիճիլ. խաղաղութեան հրամայականը, սակայն, վեր պէտք է ըլլայ ամէն վէճէ ու դառնայ բոլորի համար մտածելու եւ գործելու գերագոյն կանոն։ Մեր՝ հոգեւորականներուս առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ մեր հոգիի բոլոր ուժերով աղօթել Աստուծոյ եւ չտկարացող եռանդով գործել՝ բարոյական ուժը առաւել ու առաւել հզօրացնելու ուղղութեամբ, որպէսզի ազգութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ ստեղծուին խաղաղարար յարաբերութիւններ բոլոր տեսակի հարցերու լուծման ճանապարհին վրայ»։

Սիրելիներ, Աստուծոյ օրհնութիւնը, կեանքի յառաջընթացն ու երջանկութիւնը, խաղաղութեան մէջ է։ Խաղաղութեան մէջ է նաեւ յոյսը գալիքի։ Քրիստոնեաներուս համար խաղաղութեան կոչել եւ խաղաղութիւն հաստատել կը նշանակէ վկայել Քրիստոսին։ Մեր Տիրոջ ու Փրկչի պատգամն է՝ «Խաղաղութիւն արարէք ընդ միմեանս» (Մարկ. 9.49)։ Արդարեւ, առ Աստուած մեր հաւատի դրսեւորումն են խաղաղութեան ուղղեալ մեր քայլերը, քանզի հաւատը ինքը մարդու խաղաղութեան ուխտն է Աստուծոյ հետ։

Խաղաղութիւնը կրնայ արգասիքներ բերել եւ յարատեւել արդարութեան գործադրութեամբ։ Պարտադրուած խաղաղութիւնը, առանց արդարութեան, բարիքի փոխարէն ցաւ ու տառապանք կը ծնի, ատելութիւնը թշնամանք կը բերէ մարդկային կեանքին։ Հակառակ ազատութեան ու խաղաղութեան անհրաժեշտութեան համընդհանուր գիտակցումին ու ձգտումին, աշխարհի վրայ առ այսօր յաղթահարուած չեն բռնութիւնները, պատերազմները, էթնիք-ազգամիջեան ատելութիւնը եւ անոնց հիման վրայ իրագործուող աշխարհաւեր ոճրագործութիւնները։ Աւելի՛ն, այդպիսի գործողութիւնները կը շարունակուին իրականացուիլ արդիական նորագոյն գիտաթեքնիկ նուաճումներու եւ միջոցներու օգտագործմամբ։

Անհատի եւ ազգերու ազատութեան ու խաղաղութեան դէմ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու մարդկութիւնը բախուած է բազմիցս։ Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին եւս կրած է ազատութեան ոտնահարման եւ էթնիք ատելութեան հետեւանքները։ Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ այդպիսի ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան 20-րդ դարասկիզբին, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ դարձան ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդը մեծագոյն կորուստի վիշտը կրեց՝ զրկուելով նաեւ իր պատմական հայրենիքէն։ Մարդկութեան պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան հանդէպ անտարբերութիւնն ու իրաւական միջոցներու կիրառման յապաղումը բերին այլ ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնց ցաւալի հետեւանքներէն էին անցեալ դարու կէսերու հոլոքոստը, 20-րդ դարավերջի՝ Քամպոչիայի, Ռուանտայի, Տարֆուրի ցեղասպանութիւնները եւ այլն։

Նման ցաւալի իրադարձութիւններու բախուեցանք բոլորովին վերջերս, երբ Արցախի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծուեցաւ։ Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, որոնց ներգրաւուած էին (…) միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներ, նաեւ խաղաղ բնակավայրերու եւ ժողովուրդի դէմ գործածուեցան ֆոսֆորային եւ արգիլուած այլ զինատեսակներ։ Այդ ողբերգական իրադարձութիւններու հետեւանքով զոհուեցան ու հաշմանդամ դարձան հազարաւոր անձեր, աւերուեցան բնակավայրեր, տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ դարձան գաղթականներ, շատեր, ինչպէս զինուորականներ, այնպէս ալ խաղաղ բնակչութեան շրջանակէն, նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններէն յետոյ գերեվարուեցան ու մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին դաժան պայմաններու ներքեւ, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով։ Հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ կրօնամշակութային արժէքներու պահպանութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի համար կը ցանկանանք անգամ մը եւս Մեր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել միջազգային մարդասիրական ու միջեկեղեցական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ այստեղ ներկայ ձեր բոլորին։

Պատերազմի օրերուն սրբավայրերու ռմբակոծումն ու աւերումը, որու դրսեւորումները եղան նաեւ պատերազմէն յետոյ, կը վկայեն Արցախէն հայկական հետքերը ջնջելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մասին, ինչպէս որ 2003 թուականին հիմնապէս ոչնչացուեցան Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի աւելի քան 6 հազար խաչքարերը եւ տարածքը վերածուեցաւ հրաձգարանի։ Թերեւս թարմ են յիշողութիւնները, թէ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով վերջին տասնամեակներուն ինչպիսի մշակութային կոթողներ աւերուեցան Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի մէջ։ Այս առումով խիստ անհրաժեշտ են միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան կազմակերպութիւններու միահամուռ ջանքերը՝ կանխելու մշակութային եղեռնը, ապահովելու կրօնական եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութիւնը։ Հրամայական է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մասնագիտական առաքելութեան կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակի գնահատումը, ինչ որ ամէն ձեւով կը խոչընդոտուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Ի յաւելումն նշենք, որ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ տիար Վլատիմիր Փութինի, ռուսական խաղաղապահ ուժերու ջանքերով հնարաւոր եղաւ ապահովել Դադիվանքի պատմական մեր հնագոյն սրբավայրի կենսագործունէութիւնը։ Այնտեղ այսօր վեց վանականներ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կ՚իրականացնեն։

Սիրելիներ, հայ ժողովուրդը եւ Հայոց Եկեղեցին դարերէ ի վեր պատմական հանգամանքներու բերումով եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ աշխարհի գրեթէ բոլոր աշխարհամասերու, ամենատարբեր կրօնամշակութային միջավայրերու մէջ՝ խաղաղ համակեցութեամբ բնակելով իսլամական, պուտտայական, հինտուական, յուդայական, քրիստոնէական յարանուանութիւններու հետ, լաւագոյն վկայութիւնը բերելով աշխարհի վրայ կրօններու երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան։ Կրօնի ազատութիւնը այսօր ալ գերակայ սկզբունք է։ Ան ամրագրուած ու երաշխաւորուած է միջազգային հիմնարար հռչակագրերով, պայմանագրերով, ժողովրդավարական երկիրներու սահմանադրութիւններով եւ օրէնքներով։ Կրօնական ազատութեան գաղափարը, սակայն, յաճախ կ՚իրագործուի խղճի ու դաւանանքի համամարդկային արժէքներու ներքեւ քօղարկուող կրօնական ազատութեան չարաշահումով։ Ակնյայտ է, որ դաւանանքի ազատութեան իրաւունքի շղարշի տակ ներկայիս կը ձեւաւորուին եւ գործունէութիւն կը ծաւալեն կրօնական նորօրեայ ամբողջատիրական (թոթալիթէր) աղանդներ, որոնք խեղելով մարդկանց հոգեւոր եւ հոգեկան վիճակը, քայքայիչ գործունէութեամբ պառակտում կը մտցնեն ընտանիքներու, հասարակութեան կեանքին մէջ, թշնամանք կը սերմանեն աւանդական կրօնական կառոյցներու դէմ։ Այս առումով եւս պէտք է ամէն ջանք ներդնել, որպէսզի կրօնական ազատութեան գաղափարները չարիքի պատրուակ չդառնան, այլ ծառայեն մարդոց, հասարակութիւններու եւ ժողովուրդներու բարօրութեան ու լուսաւոր գալիքին, ամրապնդեն արդէն աւելի քան կէս դարէ ի վեր զարգացող միջեկեղեցական եղբայրութեան ու համագործակցութեան ոգին, ծառայեն համընդհանուր քրիստոնէական վկայութեան աշխարհի մէջ։

Համաժողովի յարգարժան մասնակիցներ, առ Աստուած աղօթքով վերստին Մեր օրհնութիւնը կը բերենք բոլորիդ եւ կ՚ողջունենք ձեր ներկայութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Կը մաղթենք, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած կրօնական առաջնորդներու, եկեղեցականներու, յառաջատար գիտնականներու ու փորձագէտներու կողմէ ներկայացուող զեկուցումները եւ արգասաւոր քննարկումները բարենպաստ ըլլան աշխարհի մէջ ազատութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման։ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութիւնը կը հայցենք ձեզի եւ արդիւնաւոր ընթացք համաժողովի աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021