ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ Կ՚ԱՌՆՈՒԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուի վերանորոգութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, խօսքը կը վերաբերի Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, որ ներկայիս վերանորոգութեան տակ առնուած է։ «Հայերու տուն. Ս. Խաչ եկեղեցի, աղօթքի, շփման ու մշակոյթի վայր» կարգախօսով յառաջ կը տարուի այս նախաձեռնութիւնը, որ ներկայիս Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի անմիջական հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթենպերկի շրջանի այս սրբավայրը խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ եղած է գերմանահայութեան առաջին եկեղեցին։

Կէօթինկէն քաղաքի Ս. Խաչ եկեղեցին դարեր շարունակ քրիստոնեաներու ջերմեռանդ աղօթքի տուներէն մին եղած է։ Ան ծառայութիւն մատուցած է բողոքական, կաթոլիկ, ռումէն ուղղափառ հաւատացեալներու համար, իսկ ներկայիս կը հիւրընկալէ Հայ Առաքելական քրիստոնեաները։ Քաղաքի արխիւներու տուեալները կը վկայեն, թէ անոր պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 1404 թուականը։

Հայ քրիստոնեաներու կողմէ այս եկեղեցին հարազատ հաւատքի տուն դարձած է արդի ժամանակներու մէջ։ Թուրքիայէն դէպի Գերմանիա աշխատաւորներու հոսքին զուգահեռ՝ բազմաթիւ թրքահայեր ալ մեկնած են այդ երկիրը, ուր կայք հաստատած՝ որպէս աշխատաւոր։ Առաջին շրջանին ցիր ու ցան գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ ապրած թրքահայերը որոշ ժամանակ անց ձեռնամուխ եղած են եկեղեցական համայքներու եւ մշակութային օճախներու ստեղծման, ապահովելու համար իրենց հոգեւոր կարիքները եւ պահելու համար իրենց ինքնութիւնն ու աւանդութիւնները։ Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցին ահա այդ ճիգերու առաջին պտուղն է։ 1983 թուականին հիմնուած «Քրիստոնեայ հայ միութիւն»ը վերածուած է ծխական համայնքի մը։ Այդ նոյն փուլին կարելի եղած է վարձակալել սոյն եկեղեցին, որ այդ ժամանակ անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Բանուորներու բացառիկ զոհողութիւններով վերականգնուած սրբավայրը յաջորդ տասնամեակներուն միշտ իր հիւրընկալ երդիքին տակ ընդունած է հայ քրիստոնեաները։ Իսկ 2018 թուականին եկեղեցւոյ շէնքի սեփականութեան իրաւունքն ալ գնուած է հայ համայնքին կողմէ։

Թէ՛ պատմամշակութային եւ թէ եկեղեցական տեսակէտէ հարուստ անցեալ մը ունի այս եկեղեցին, որու վերանորոգութեան աշխատանքները միջոցէ մը ի վեր ընթացքի մէջ էին եւ այժմ մօտեցած են իրենց աւարտին։ Միեւնոյն ժամանակ, ներկայիս նիւթական կարիքներու անհրաժեշտութիւն յառաջացած է՝ վերանորոգութեան այս ծրագիրը ի կատար ածելու նպատակով։ Շուրջ 320 հազար եւրօ պէտք է հիմնանորոգման համար։ Ծախսերու մէկ մասը ծխական վարչութեան կողմէ ապահովուած է պետական աջակցութեան եւ գերմանահայոց զանազան խնայողութիւններուն շնորհիւ։ Յամենայնդէպս, մնացեալ մասը լրացնելու համար նախատեսուած է հանգանակութիւն։ Նուիրատուութիւններու համակարգումով զբաղելու համար Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի օրհնութեամբ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը։ Սկսած լայնածաւալ աշխատանքին մէջ Նորին Սրբազնութեան անմիջական գործակիցներէն մին է թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սարդարեան։

Գերմանիոյ հայոց թեմը այս փուլին կոչ կ՚ուղղէ նաեւ սփիւռքի շրջանակներուն, որպէսզի հնարաւորութեան սահմաններու մէջ մասնակցութիւն բերուի նուիրահաւաքին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021