ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ «ՆԱՐԵԿ» ՄԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը վերջերս լոյս ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» անմահական երկի արեւմտահայերէնը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, «Մատեան ողբերգութեան. ընտրանի» խորագրեալ գիրքը տպագրութեան պատրաստուած է Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։ Նարեկի շուրջ յիսուն հատուածներ աշխարհաբար արեւմտահայերէնի փոխադրուած են այս գիրքին մէջ։ Երկար տասնամեակներու աշխատանքի արդիւնքը եղած է այս գործը, որու նախաբանը գրի առնուած է նոյնպէս Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։ Այս առթիւ ան նշած է, որ «Մատեան»ը ունի զարմանալի ուժականութիւն՝ թափանցելու մարդոց ներաշխարհին, ներգործելու այնտեղ՝ սփոփարար դեղի մը պէս։ Այսինքն, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ապրած շրջանէն տասնմէկ դար անց, նոյնպէս եւ յատկապէս մեր օրերուն կարիք կայ շարունակաբար ընթերցելու եւ սնուցուելու Նարեկի սրբագործուած ու ամոքիչ տողերով, մտքերով եւ բանաստեղծականութեամբ։

Մինչ այդ, Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանը տեղեկացուց, որ Արեւմտեան թեմէն ներս յառաջիկայ ամիս նախատեսուած է այս նոր հրատարակութեան շնորհանդէսը։ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահի երդիքին տակ պիտի ներկայացնէ այս գործը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021