ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որու ընթացքին աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ նահատակեալ քաջորդիներու հոգւոյն հանգստութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան աւարտին ուղղեց իր խօսքը ներկաներուն եւ համայն ժողովուրդին։ «Մեր դէմ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման ճանապարհը մեզի պատուհասած վիշտի եւ յուսախաբութեան թօթափումն է։ Մեր սրբազան պարտքն է ծանրագոյն այս փորձութիւնները դիմագրաւել արժանապատուութեամբ՝ հաստատուն պահելով մեր ժողովուրդի զաւակներու սէրն ու նուիրումը հայրենիքի, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու նկատմամբ, նպաստելով Հայաստանի եւ Արցախի յառաջընթացին, զօրացնելով աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի միասնականութեան նախանձախնդրութիւնը։ Ներկայ բարդագոյն իրավիճակը հրամայական կը բերէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, իշխանութիւններուն, հասարակական-քաղաքական կառոյցներուն՝ միաբանուիլ ազգային-պետական գերագոյն շահերու շուրջ, ձեւաւորել ազգային ներքին համերաշխութիւն եւ վստահութեան առողջ մթնոլորտ՝ յանձնառու գործակցութեամբ եւ երկխօսութեան ճանապարհով հետամուտ ըլլալու երկրի առջեւ յառնած մարտահրաւէրներու բարւոք լուծման։ Այդպէս միայն մենք կրնանք ուղղել մեր կորացած մէջքը, ցաւը վերափոխել ուժի, հայրենաշէն նախաձեռնութիւններ ու ծրագրեր իրագործելով պահպանել մեր ազգի կենսունակութիւնը հայրենիքի մէջ արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելով խրախուսել որդեծնութիւնը, կանխել արտագաղթը, զօրացեալ ու կենսունակ պահել սփիւռքը, վերազարթօնք բերել մեր պետութեան՝ համատեղ ջանքեր ներդնելով տնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման գործին մէջ», ըսաւ այս առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021