ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Վիքթոր Ռիխթերը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց Հայաստանէ ներս արդիւնաւոր առաքելութիւն։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գերմանիոյ դեսպանատան միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս եղած են ջերմ ու բարեկամական։ Ի դէմս դեսպանի, ան Գերմանիոյ ժողովուրդին իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նոր վարչապետի ընտրութեան կապակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Պերլինի իշխանութիւններուն՝ պատերազմի ժամանակ եւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանին ցուցաբերուած գործակցութեան համար։

Իր կարգին, դեսպան Ռիխթեր վստահեցուց, թէ իր կարելին ի գործ կը դնէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել խորացման եւ ամրապնդման համար։ Խօսելով Գերմանիոյ հասարակական կեանքէն ներս հայ համայնքի եւ եկեղեցւոյ ներգրաւուածութեան մասին՝ ան ընդգծեց, որ սա եւս նպաստաւոր գործօն մըն է երկու երկիրներու համագործակցութեան զօրացման տեսակէտէ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու հայկական հոգեւոր, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային զանազան հարթութիւններու վրայ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021