ՀՈԳԵՒՈՐ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Դէպի Աւստրալիա հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Պատարագ մատոյց Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Աւստրալահայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ սա հոգեւոր ցնծութեան եզակի առիթ մըն էր։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին տեղւոյն հայութեան ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս իր ձեռամբ կատարուեցաւ նոր խաչքարի մը բացումը։ Հարկ է նշել, որ այդ խաչքարը կանգնեցուած է ի յիշատակ ներկայ հովուապետական այցելութեան։

Սիտնիէն Մելպուռն անցնելով Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հայութեան կողմէ։ Նորին Սըր-բութեան համար «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Սա Աւստրալիոյ երկրորդ հայաշատ քաղաքն է։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ «Ակինեան» եւ Համազգայինի «Մեսրոպ Մաշտոց» միօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն հետ։ Երկու դպրոցներու տնօրէնները բարիգալստեան ջերմ խօսքերով ողջունեցին Նորին Սրբութիւնը։ Փոքրիկներն ալ հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց աշակերտներուն՝ զանոնք առարկայ դարձնելով իր սիրոյ եւ գնահատանքին։ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց նաեւ վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019