Ի՞ՆՉ Է ՄԻ­ՋԻՆ­ՔԸ

Այ­սօր, Չո­րեք­շաբ­թի, մեր օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն Մի­ջինք է։

Ի՞նչ է Մի­ջին­քը եւ ինչ­պէ՞ս պէտք է բա­ցատ­րել։

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն, ա­ւե­լի ճիշդ Փա­կեալ խո­րա­նէն սկսեալ մին­չեւ Ա­ւագ Շա­բաթ օր (նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով Ա­ւագ շաբ­թուան օ­րերն ալ պահ­քի օ­րեր են), քա­ռա­սունութ օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող պահ­քի շրջան մըն է, ո­րուն եր­բեմն կ՚ան­գի­տա­նանք, կար­ծե­լով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ը­սենք, այդ Մած պահ­քը քա­ռա­սուն օ­րեր են միայն, այ­սինքն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ծաղ­կա­զարդ։ Խոր­քին մէջ սա­կայն, ե­թէ օ­րե­րը մէկ-մէկ հա­շուենք, պի­տի տես­նենք, որ Մեծ պահ­քը Ա­ւագ շաբ­թուան օ­րե­րով միա­սին քա­ռա­սունութ օ­րեր են եւ ոչ թէ քա­ռա­սուն օր, ո­րուն կէ­սը կ՚ը­նէ քսան­չորս օր։ Հե­տե­ւա­բար, այդ քա­ռա­սու­նութ օ­րե­րուն կէսն է, որ կը կո­չուի Մի­ջինք եւ ոչ թէ Մեծ պա­հոց կէ­սը։ Ե­թէ Մեծ պա­հոց կէ­սը ըլ­լար, այդ պա­րա­գա­յին քսան­չորս օր պի­տի չըլ­լար, այլ քսան օր պի­տի ըլ­լար։ Այլ խօս­քով՝ Մի­ջինք ը­սել է մէջ­տեղ։

Ուս­տի, Մի­ջին­քը մե­զի ցոյց կու տայ կամ կ՚ա­ւե­տէ, որ Մեծ պահ­քը Ա­ւագ շա­բա­թով միա­սին իր կէ­սին հա­սած է ու տա­կա­ւին կէս շրջան մը եւս ու­նինք, որ­պէս­զի Մեծ պահ­քը իր ամ­բող­ջա­կան ա­ւար­տին հաս­նի։

Ար­դա­րեւ, Մի­ջին­քը ե­կե­ղե­ցա­կան տօն մը չէ եւ ոչ ալ սուր­բի մը նուի­րուած յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ մը եւ կամ ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նե­րուն հետ ա­ղեր ու­նե­ցող տօ­նախմ­բու­թիւն մը։ Մի­ջին­քը տա­րուան ե­րեք հա­րիւր վաթ­սու­նհինգ օ­րե­րուն մէջ օր մըն է, որ կը զու­գա­դի­պի Մեծ պա­հոց ճիշդ կէ­սին, ընդ­հան­րա­պէս Չո­րեք­շաբ­թի, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը կո­չուի Մի­ջինք։ Մի­ջին­քէն ետք, Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան Խա­ղա­ղա­կան ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին կը սկսի եր­գուիլ Ստե­ղի շա­րա­կան, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ Հսկու­մի ժա­մեր­գու­թիւ­նը։

Մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­պաշ­տա­կան կեան­քին մէջ Մի­ջին­քին կա­պուած են ո­րոշ սո­վո­րու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Մեծ պահ­քի քսան­չոր­րորդ օ­րը որ­պէս Մեծ պահ­քի կէ­սը, որ ինչ­պէս ը­սինք Մի­ջինք կը կո­չուի, նոյն ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող հաց մը կը պատ­րաստուէր, որ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ զայն կը թխէին Մեծ պահ­քի ճիշդ կէ­սին եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով հա­ցը կը կո­չուէր Մի­ջինք։

Ժո­ղովր­դա­կան տօ­ներն ու ծէ­սե­րը (ե­կե­ղե­ցա­կան ծէս կը կո­չուին շար­քը այն խօս­քե­րուն, եր­գե­րուն եւ շար­ժում­նե­րուն, ո­րոնք կ՚ար­տա­սա­նուին, կ՚երգուին եւ կը կա­տա­րուին ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րուն կամ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­մէ զԱս­տուած պաշ­տե­լու հա­մար միաս­նա­բար) մեծ մա­սամբ պատ­շա­ճեցուած են ա­ռատ հիւ­րա­սի­րու­թեան հետ, ուր ի­րենց տե­ղը ու­նե­ցած են նաեւ ծի­սա­կան-տօ­նա­կան ու­տես­տե­ղէն­ներն ու կե­րա­կուր­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, ծի­սա­կան կե­րա­կուր­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին մէջ ըն­դու­նուած են հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէ ի վեր, ուս­տի այդ կե­րա­կուր­նե­րուն ա­նուա­նում­ներն ալ ա­ռընչուած են տուեալ տօ­նին հետ, ո­րով­հե­տեւ պատ­րաս­տուած են այդ տօ­նե­րուն եւ ծէ­սե­րուն ժա­մա­նակ, ինչ­պէս պահ­քի տոլ­մա, պահ­քի սար­մա, պահ­քի գա­թա, պահ­քի քէօֆ­թէ, ոս­կէ պահք, ե­ւայլն։

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի կարգ մը շրջան­նե­րուն մէջ, Մի­ջին­քի կար­կան­դա­կը կը պատ­րաս­տուէր յա­տուկ ձե­ւով։ Այս­պէս Մի­ջին­քի Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ջու­րով եւ ձէ­թով կոնք մը կը դնեն, ո­րուն Լիճք ա­նու­նը կու տան եւ ե­ղէ­գով պատ­րաս­տուած խա­չի մէջ պատ­րոյգ մը կը վա­ռեն մին­չեւ լոյս։ Ա­ռա­ւօ­տեան խառ­նե­լով՝ կը պատ­րաս­տեն նոյն օ­րուան բա­ղար­ջը (անխ­մոր հաց, լա­ւաշ)։ Բա­ղար­ջին մէջ կը դնեն նաեւ դրամ կամ ու­լունք (մա­նեա­կի գնդա­ձեւ հա­տիկ­ներ)։ Բա­ժին կը հա­նեն նաեւ ա­նա­սուն­նե­րուն եւ հո­ղին։ Ու­լուն­քը կամ դրա­մը ո­րո՛ւ որ բա­ժին իյ­նայ, ան կ՚ըլ­լայ տա­րուան բախ­տա­ւո­րը։

Ու­րիշ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ եւս կը գոր­ծադ­րուի բա­ղար­ջի մէջ «բախտ» դնե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը, բայց այդ շրջան­նե­րը բա­ղար­ջը կը թխեն Դեկ­տեմ­բե­րի վեր­ջին օ­րը եւ կը բաժ­նեն Յու­նուար 4-ի ե­րե­կո­յեան։

Լիճ­քը ծա­նօթ է նաեւ Ա­րա­րա­տեան նա­հան­գին մէջ, ուր քիչ մը տար­բեր ձե­ւով կը կա­տա­րեն։ Այս­պէս, կոն­քին ջու­րը չեն բաժ­ներ եւ ջու­րին մէջ փո­խան մէկ պատ­րոյ­գի քա­ռա­սուն պատ­րոյգ կը վա­ռեն, ա­պա ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ քա­ռա­սու­նա­կան մանր քա­րեր կը հա­ւա­քեն ի յի­շա­տակ Քա­ռա­սուն ման­կանց եւ բա­րե­կա­մի մը տու­նը հա­ւա­քուե­լով ա­մէն մէկ քա­րի վրայ քա­ռա­սուն ան­գամ ծունր դնե­լով կ՚ը­սեն. «Քառ­սուն մա­նուկ, քառ­սուն կուս, քառ­սուն ման­կան բա­րե­խօս»։ Լիճ­քը եւ քա­ռա­սուն պատ­րոյգ­նե­րը կապ ու­նին Քա­ռա­սուն ման­կանց հետ, ո­րով­հե­տեւ Մի­ջին­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք Քա­ռա­սուն ման­կանց տօն է։

Ար­դա­րեւ, Մի­ջին­քի կա­պուած սո­վո­րու­թիւն­նե­րը բա­ղարջ պատ­րաս­տե­լու, բախտ փոր­ձե­լու, լիճք պատ­րաս­տե­լու, բա­ցօ­թեայ պտոյտ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներ տա­լու մէջ կը կա­յա­նայ։

Հայ­րե­նա­կան ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը մե­զի հա­մար կեն­սա­ւոր­ման եւ ներ­շնչման աղ­բիւր­ներ են, ո­րոնք պէտք է պա­հուին, ինչ որ ալ ըլ­լան մեր կեան­քի ներ­կա­յի պայ­ման­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Ե­րա­նի՜ այն ժո­ղո­վուր­դին, որ գի­տէ ա­մուր պա­հել այդ կա­պը իր ան­ցեա­լին հետ ու տէր կանգ­նիլ այդ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու­ն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015