ԳԱՂՏՆԻ ՊԱՀԷ՛

Մեծ Պահքի 20-րդ օրն է:

Առակաց գիրքի 20-րդ գլուխին 6-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»:

Այսօրուան ընկերութեան ամենէն վտանգաւոր հիւանդութիւններէն մէկն է այս երեւոյթը՝ բարերարութիւնը, այլ խօսքով՝ բարի գործերը հրապարակելը, կամ նոյնիսկ հրապարակայնօրէն կատարելը:

Վստահաբար շատեր համացանցի տարբեր հարթակներու վրայ հանդիպած են տեսանիւթերու՝ անհատներու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ նոյնիսկ եկեղեցիներու կողմէ հրապարակուած, ուր մարդիկ այսպէս ըսած «բարիք» կը գործեն, աղքատներու կամ կարօտեալներու տուներ կ՚այցելեն, իրենց տարած օգնութիւնը կը փոխանցեն, եւ այլն, եւ այլն:

Վստահաբար շատեր, դարձեալ համացանցի տարբեր հարթակներու վրայ կամ հեռատեսիլի կայաններէ ու ռատիոյի ալիքներէ կարդացած կամ լսած են այսինչին կամ այնինչին, այս հաստատութեան կամ կազմակերպութեան, կամ եկեղեցւոյ կատարած բարեգործութեան մասին, եւ այլն:

Այսպէս վարուողները կամ այն է, որ իրենց կեանքին մէջ գէթ մէկ անգամ Աստուածաշունչ չեն կարդացած, եւ կամ այն է, կարդացած ըլլալով հանդերձ, իրենց եսին հաճոյքը աւելի գերադասելով, անտեսած են Տէր Յիսուսի ողորմութեան մասին կատարած ուսուցումը, ուր կը թելադրէ մարդոց, ըսելով.

«Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն։

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4):

Հետեւաբար, գաղտնի՛ պահէ բարերարութիւնդ, թող միայն Աստուած գիտնայ ատոր մասին, որպէսզի քեզ յայտնապէս վարձատրէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023