ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՕՐՀՆԵՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ այս տօնը հռչակուած է նաեւ Մանուկներու օրհնութեան օր։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Ծաղկազարդի առթիւ։ Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Անդաստան եւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Նորին Սրբութիւնը մանուկներուն հայրական ջերմութեամբ բաշխեց իր օրհնութիւնը, իսկ հաւատացեալներուն բաժնուեցան Անդաստանի ընթացքին օրհնուած ուռենիի ճիւղերը։

Աւելի վերջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Ս. Պատարագի աւարտին Ս. Գայիանէ վանքի շրջափակէն ներս ալ կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բաշխեց իր օրհնութիւնը օրուան տօնին առթիւ Մայրավանքի տարածքէն ներս համախմբուած երեխաներուն։

Երեկոյեան նոյնպէս Ս. Գայիանէի վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022