ՄԱՐՏԻՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մարտինի կուսակալ Մահմուտ Տեմիրթաշին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս.  Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին դէպի Տիարպաքըր ուխտագնացութիւնը գլխաւորելէ վերջ անցաւ Մարտին, ուր նախ նախագահեց Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, իսկ աւելի վերջ անցաւ Տէյրիւլզաֆարան ասորւոց պատմական վանքը, ուրկէ վաղը պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Մարտինի մէջ կեցութեան առիթէն օգտուելով Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ կուսակալին։ Այս առթիւ իրեն ընկերացան Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ յանուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կը մասնակցի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այժմու ուղեւորութեան, ինպչէս նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Կուսակալ Տեմիրթաշ ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց զինքը Մարտինի մէջ հիւրընկալելու բերումով։ Ան շեշտեց, որ Մարտին քաղաքը համբաւ ձեռք բերած է՝ որպէս վայր, ուր համակեցութիւն եւ հանդուրժողութիւն կը տիրէ։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ կը շնչէր՝ բազմերանգ մշակոյթով համբաւ ձեռք բերած այս քաղաքին մթնոլորտը։

Յուշանուէրներու փոխանակումէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ կուսակալութենէն։

Միւս կողմէ, Մարտինի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այց մըն ալ տուաւ Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր ներկայ էր նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մարտինի եւ Տիգրանակերտի առաջնորդ Սալիպա Մետրապոլիտը։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022