ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ «ԱՄԷՆ. ԱԼԷԼՈՒԻԱ»Ն ՍԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Բնութեամբ եւ հոգեւորով այսքան գիրկընդխառնուած Սեւանի թերակղզին, Հոգեգալստեան տօնին յատուկ ոգեւորութեամբ կը շրջապատուի, քանի Ս. Զատկի յաջորդող յիսուներորդ օրը՝ Հոգեգալուստը այս օրհնեալ համալիրի տարեկան տօնախմբութեան կը զուգադիպի։ Հոգեգալուստը ըլլալով Քրիստոնէական եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին, արդէն իսկ կարող է եկեղեցիները տօնական տրամադրութեամբ օժտելու, Ս. Հոգին Աստուծոյ առաքեալներու դասու վրայ հանգչելու Աստուածաշնչական աւետիսով։ Իսկ, Սեւանի ծովահայեաց վանական համալիրը կրկնակի խանդավառութեամբ կը պարուրուի, երբ ուխտաւորներ կը փութան դէպի Սեւան, թէ՛ Հոգեգալուստը տօնելու համար այս խորհրդաւոր սրբավայրին մէջ եւ թէ՛ տարեկան ուխտագնացութեան առթիւ յատուկ ուխտի աղօթքներ մատուցանելու առ Աստուած բարեխօսութեամբ սուրբ առաքելոց։ Ուստի, նախ տօնական Ս. Պատարագ կը մատուցուի ամենայն հանդիսաւորութեամբ եւ ապա՝ վանքի բակը տեղի կ՚ունենայ Անդաստանի արարողութիւնը։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ԴԷՊԻ ՍԵՒԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՍՈՒՆՔԸ

Սեւանի տօնախմբութեան առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատունէն դուրս կը բերուի Ս. Առաքելոց մասունքակիր պահարանը, որպէսզի հաւատացեալներ մօտենան մասունքին եւ օրհնութիւն ստանան ըստ իրենց հաւատքին։ Այս տրամադրութեամբ ստացայ շղարշազարդ պահարանը եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին առջեւ համբուրելէ յետոյ մասունքը, ուղուեցայ դէպի Սեւանավանք, որպէս ճանապարհորդակից ունենալով Հայր Զատիկ Վարդապետը։ Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուայ ճանապարհէն յետոյ, հասանք Սեւանի Վազգէնեան ճեմարանը, ուր դիմաւորուեցանք ճեմարանի փոխ-տեսուչ եւ Սեւանավանքի վանահայր Տէր Մինաս Քահանայի եւ երէցկինին կողմէ։

Վերջին անգամ ձմրան շրջանին ներկայ եղած էի Սեւանի մէջ, ջերմ հիւրընկալութեամբ տեսուչ Հայր Երեմիա Վարդապետի եւ ամէն տեղ ձիւնազարդ էր ու բնութիւնը հագած՝ իր սպիտակ զգեստը։ Սենեակէս կը տեսնէի դուրսը, հանդերձ մատուռով ու շրջակայ համալիրով, ուր իշխող էր ձիւնը։ Ներկայիս ալ, որպէս համալիր եւ աղօթատեղի ամէն ինչ տեղին էր, աչքառու տեսքով։ Սակայն այս անգամ, շրջանը բոլորովին տարբեր էր ծաղիկներով ու խոտերով, քանի գարունը եկած ըլլալուն, արդէն իսկ զգալիօրէն ծիլեր արձակուիլ սկսած էին։ Սպիտակ բնութիւնը արդէն իսկ իր զարթօնքը կ՚ապրէր, ըստ որում ամէն տեղ դալարապատ դարձած էր։ Կարծէք կարճ ժամանակի մէջ, գաղտնի ձեռք մը ի ձեռին ունենալով վրձին մը, բոլոլովին կանաչով գունազարդած ըլլար ամէն տեղ։ Հանուր ճանապարհորդութեան ընթացքին այս իրողութեան վրայ կեդրոնացած էի եւ Սեւանի շքեղ տեսքը անգամ մը եւս հրաւիրեց զիս դալարապատ ու կենդանի բնութեան մէջ կրկնելու սաղմոսաց փառաբանչական տողերը, վասնզի արարողութիւնը գեղատեսիլ բնութեան մէջ առաւել եւս պիտի իմաստաւորուէր. «Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը, ու լեռներուն բարձրութիւնները անորն են։ Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա։ Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։ Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք. ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրը առջեւ» (Սղմ. 95.4-6)։

ԹԱՓՕՐ ԴԷՊԻ Ս. ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

Օրուան խորհուրդի հանդիսաւորութեան համապատասխան Վազգէնեան ճեմարանի մայր մուտքէն դէպի Ս. Առաքելոց հանդիսաւոր թափօր պէտք է կազմուէր։ Նախքան Ս. Պատարագը կատարելի այս խորհրդաւոր ծիսակատարութիւնը, չէի գիտեր, որ այսքան տպաւորութիւն պիտի թողուր ուխտաւորներու մօտ։ Տէր Մինաս Քահանան ի ձեռին ունէր մասունքակիր պահարանը եւ իր կողքին Ս. Խաչով ու Ս. Աւետարանով վեղարաւորներս կանգնած էինք։ Մեր առջեւ կը գտնուէին, իրենց գեղեցիկ դպրական շապիկներով ճեմարանականներ, որոնք Ս. Խաչով, խաչվառով եւ զարդեղանքով կ՚առաջնորդէին մեզ։ Իսկ ետեւը կը գտնուէին ճեմարանի սաները, իրենց ճեմարանական հանդերձանքով ու պատրաստ էին թափօրի շարականները երգելու։ «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք» քարոզէն յետոյ, ճեմարանականներ սկսան երգել Հոգեգալստեան պէսպիսի շարականներ. Առաքելոյ աղաւնոյ, Աննիւթական աղաւնի, Օրհնութիւն ի բարձունս, Սարսափելի, Նոյն եւ նման եւ այլք։

Նման որակով թափօր մը կարծեմ երկար ժամանակէ ի վեր չէի տեսած, որ շարականներու երգեցողութեամբ բարձրանանք թերակղզիի մը յատակէն դէպի բարձունքը ու հաւատացեալները օրհնենք մեր ի ձեռին ունեցած սրբութիւններով։ Իմ այնքան սիրած շարականները, ճեմարանի սաներու հետ երգելը այնքան մեծ խանդավառանք էր։ Ծանրաշարժ քայլերով ընթացանք դէպի վեր ու երբ ժողովուրդին հանդիպեցանք, անոնք եւս համբուրեցին սրբութիւնները եւ միացան թափօրին ու այսպէս իւրաքանչիւր քայլափոխին թափօրը առաւել եւս կը հսկայանար։ Բնութեան մէջ գոչել Ս. Երրորդութիւնը եւ դաշտերուն մէջ օրհնութիւնը աղերսել մեր Արարչին եւ բնութեան գեղազարդիչին։

Ուղղուեցանք, երգեցինք, օրհնեցինք, օրհնուեցանք եւ հասանք ի վերջոյ թերակղզիի բարձունքը եւ ահա Սեւանայ լիճի հոգեզմայլ տեսքին ընդառաջ թափօրը կ՚ուղղուէր դէպի Ս. Առաքելոց եկեղեցի։ Շրջակայքը կային ո՛չ միայն հայ ուխտաւորներ, այլ՝ օտար ուխտաւորներ, որոնք այս փառաշուք թափօրով զմայլած էին։ Երբ մուտք գործեցինք եկեղեցիէն ներս, արդէն իսկ հաւատացեալներ լեցուցած էին տաճարը։ Անոնք եւս օրհնելէ յետոյ, տէր հայրը մասունքը զետեղեց ծաղկազարդ պատուանդանի մը վրայ եւ արտասանուեցաւ Առաքելոց բարեխօսական աղօթք մը։ Այլեւս պատրաստ ենք, Ս. Պատարագի…

Սեւանի այս համալիրը շատ առիթներով նմանցուցած եմ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համալիրին եւ այս թափօրը առիթ եղաւ, որ անգամ մը եւս վերյիշեմ Աղթամար կղզիի նաւամատոյցէն դէպի եկեղեցի մեր ունեցած առաջին ճանապարհորդութիւնը, հանդերձ մեր ձեռքերուն մէջի նորաշէն Ս. Սեղանի մասնիկներով։

ՏՕՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ճեմարանականներէ կազմուած երգչախումբը արդէն իսկ պատրաստ էր, Հոգեգալստեան տօնական պատարագին առթիւ Կոմիտասեան ու բազմաձայն «Խորհուրդ խորին» երգելու՝ առաջնորդութեամբ Վազգէն Դպիրի։ Գովելի դպրուհի մը եւս իր երգեհոնով կ՚ընկերանար երգեցողութեան։ Խումբը զուտ արական էր, սակայն անոնց ետին կը գտնուէին ուխտաւոր հայուհիներ, որոնք եւս իրենց կարգին կը մասնակցէին Ս. Պատարագի երգեցողութեան։ Օրուան պատարագիչն էր Խոր Վիրապի վանքի վանահայր՝ Հայր Իսահակ Վարդապետը։ Այլապէս զանգերը ղօղանջեցին եւ ներկայ ուխտաւորաց եւս ջերմեռանդութեամբ սկիզբ առաւ արարողութիւնը։ Վազգէնեան ճեմարանի սաները այս անգամ եւս լաւագոյնս պատրաստ էին Կոմիտասեան երգեցողութիւնը կատարելու, իսկ այս անգամ իրենց գործը աւելի դժուար էր, քանի փոքր սակայն խորհրդաւոր տաճարի մէջ ուխտաւորներու հոսքը կար։ Մանուկներ, ընտանիքներ եւ մեծ ծնողք, բոլորը միատեղ արդէն իսկ կեդրոնացած էին արարողութեան։ Իրենց մէջ հետաքրքրական էր մանկանց սիրուն կեցուածքը եւ տաճարի մէջի հանգստութիւնը։ Նաեւ նշմարելի էր երկրպագուներուն բազմութիւնը, ծնկաչոք մատուցած աղօթքները։

Այս տրամադրութեան մէջ արդէն իսկ բոցաշունչ կը դառնայ սարկաւագաց եւ դպրաց երգեցողութիւնը եւ օրուայ խորհուրդին համապատասխան գեղաձայն սպասաւորաց ձայնը կը դառնայ սաստիկ հովու նման ներշնչողը ներկայ հաւատացեալները։ Այլապէս, արարողութեան ընթացքին, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, յետ «Առէք, կերէ՛ք»ի երգուեցան Հոգեգալստեան շարականներ եւ արտասանուեցաւ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին առ Հայր Աստուած, առ Որդին Ս. Աստուած եւ առ Հոգին Ս. Աստուած գրի առած յատուկ աղօթքները։ Արտասանողը հոգեւորականն էր եւ «Ամէն» բացագանչումով միացողը՝ հաւատացեալը։ Քանիցս կրկնուեցաւ, որ կը հայցենք Ս. Հոգին Աստուծոյ ներշնչական զօրութիւնը, որով անհատներ կրնան հուրով մաքրուիլ եւ դառնալ հոգեպէս փայլող աննման ոսկեղէններ։ Բոլոր հոգեւորականներս կարգաւ բարձրացանք Ս. Խորան, համբուրեցինք ծաղկազարդեալ սրբազան մասունքը եւ արտասանեցինք աղօթքը։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց պատարագիչ հայր սուրբը եւ միացաւ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի աղօթական ոգւոյն եւ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան դէպքի ազդեցութեան Քրիստոնեայ աշխարհէն ներս եւ յիշեցուց, թէ առաքեալներ ինչպէս Ս. Հոգիով զօրացան ու դարձան Աւետարանի քարոզիչներ։ Այս ուղղութեամբ շեշտեց, որ Ս. Հոգին կը գործէ մարդ արարածի կեանքէն ներս, որպէսզի մարդը կատարեալ իմաստով կարողանայ միանալ Աստուծոյ հետ եւ վերստին շարունակէ իր կեանքի նպատակը։

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Սեւանավանքի մէջ նախապէս եւս Ս. Պատարագի մասնակցած էի եւ աշակերտաց ու հաւատացելոց ներքին տրամադրութիւնը որոշակի իմաստով ծանօթ էր ինծի։ Սակայն, արարողութեան յաջորդած «Անդաստան»ի արարողութիւնը պիտի դառնար եզակի ապրումներու միջոցը, քանի Սեւանայ լիճի ափին կատարելի արարողութեան մը առաջին անգամ մաս եւ բաժինը պիտի դառնայի։ Ահա, այս է պատճառը, որ յետ Ս. Պատարագի կատարուած այս արարողութիւնը առաւել եւս հոգածութեամբ ներկայացուի։

«Անդաստան»ի արարողութեան մասին երբ կը մտածեմ, եկեղեցական ծիսակատարութենէ առաջ հանճարեղ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութիւնը կը յիշեմ. «Արեւելեան կողմն աշխարհի Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ... Արեւմտեան կողմն աշխարհի Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ... Հիւսիսային կողմն աշխարհի Առատութի՜ւն թող ըլլայ... Հարաւային կողմն աշխարհի Պտղաբերում թող ըլլայ...»։ Անդաստանը բառացի իմաստով կը յիշեցնէ նախ եւ առաջ հողն ու երկիրը։ Յատկապէս բնութեան մէջ գիրկընդխառնուածը կը համադրէ Անդաստանն ու Ծննդոց Գիրքի հետեւեալ տողերը. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ» (Ծնն. 1.11)։

Հողին եւ հողէն ստեղծուած արարածոց առատութեան եւ օրհնութեան համար կազմաւորուած արարողութիւն մըն է սա եւ Սեւանի շրջակայքը իր ամբողջ էութեամբ կարող է արարողութեան խորհուրդը խորացնելու եւ ծիսական կանոնով օրհնութեան գաղտնիքը ներկայացնելու հաւատացելոց։ Ծիածանեալ Սեւանայ լիճը, խորարմատ Ս. Առաքելոց Տաճարը, դիմացի դալազարդ լեռները, կապուտակ երկինքը… Արարողութիւնը ներկայացնելը այս պարագային համահաւասար է բնութեան գեղեցկութիւնը գովելու, վասնզի այս շրջանի զարթուցեալ բնոյթով լի անդաստանին մէջ կը կատարուի եկեղեցական ժողովրդականացեալ արարողութիւնը. Անդաստանը։

Ահա, այս եզակի արարողութիւնը սկիզբ առաւ երբ միասնաբար երգել սկսանք. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք»ը։ Այլեւս ամէն ինչ եղանակաւ էր, քարոզներ ու պատասխանները եւ օրհնութեան կարգը ու իւրաքանչիւր անձ առաւել եւս կ՚ոգեւորուէր, երբ իր կողքին երգող ուրիշ անձ մը եւս կը տեսնէր։ Ալիք առ ալիք կը տարածուէր հզօր աղօթական մթնոլորտէն բխած մաղթանքները։ Իսկ միւս կողմէ, թերակղզիի գագաթը ըլլալու պատճառաւ, արեւաշող դաշտերու վրայ ազդու կը դառնար գարնանային ուժեղ զեփիւռը. բան մը, որ ուր մնաց պիտի թռցնէր բոլորս։ Բայց նորէն ա՛լ աւելի զօրաւոր ու ամուր կը շարունակենք երգել մաղթանքը. Ամէն. Ալէլուիա. Ալէլուիա. Ալէլուիա…

«Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի…»։ Այս բանաձեւով կը սկսի աշխարհի չորս կողմերը օրհնելու տենչով պատրաստուած աղօթքը, զոր կ՚արտասանուի հոգեւորականի կողմէ։ Յատկապէս իմաստաւոր կը դառնայ այս արարողութիւնը երբ կ՚օրհնէք «վանքս, անապատս, քաղաքս եւ գիւղս», տեսնելով վանքը, անապատը, հայեցի քաղաքներն ու գիւղերը։ Եւ կամ որքան եզակի պահ է «երկիրս անդաստանս եւ պտղաբերութիւն տարուոյս» ըսելը, ըլլալով պտղաբերութեան պատրաստ արտի, պարտէզներու, պուրակներու մերձաւոր։ Հետեւաբար, մէկ կողմէ աղօթեցի, իսկ միւս կողմէ բառերուն համապատասխան հայեցի սրբութիւններու մասին մտածեցի։ Յատկապէս մթնոլորտը յատկանշական կը դառնար, երբ Ս. Առաքելոց մասունքով օրհնութիւն կը բաշխէր Մինաս Քահանան։       

Հանդիսաւոր թափօրը դէպի Ս. Առաքելոց եկեղեցի, յիշեցուցած էր Աղթամարի մթնոլորտը։ Անդաստանի արարողութիւնը եւս կրկին անգամ եկաւ յիշեցնելու Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, երբեմնի Վասպուրականի, այժմու Վանայ լիճի կողքին մեր կատարած անդաստանները։ Բնութեան մէջ կատարուած արարողութիւնները գրեթէ յար եւ նման են։ Պահ մը յիշելով անցեալի արարողութիւնները՝ կարծեցի, որ փոխանակ Սեւանի կը գտնուիմ Աղթամար, փոխանակ ճեմարանականներու կ՚երգեն պոլսեցի դպիր ու սարկաւագ եղբայրներս։ Հաւատացեալներու եւս մասնակցութիւնը առաւել եւս կը պարարտացնէր այս զգացմունքը եւ կը կարծեմ, որ Անդաստանի արարողութեան հազուագիւտօրէն ազդու եղած շրջանի մը մէջ կը գտնուէինք։ Ուստի, Անդաստանի ճամբով օրհնեցինք բոլոր աշխարհը, սակայն ի մասնաւորի աղօթքի կեդրոնական վայր ընկալելով Սեւանավանքը, յատուկ աղօթք բարձրացուցինք Սեւանավանքի պայծառութեան եւ շրջակայքին անսասանութեան համար։

Ահա, նման ոգեւորութեամբ է, որ աւարտին կը հասնի Անդաստանի արարողութիւնը եւ «Պահպանիչ» աղօթքով յատուկ ձեւով կը յիշատակուի Հայ ժողովուրդը, Հայ Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Սեւանավանքը եւ Վազգէնեան Հոգեւոր ճեմարանը ու հաւատացեալ ժողովուրդը։ Թող որ Աստուած, լսելի դառնայ ուխտաւորաց աղօթքները եւ ամէն տարի Հոգեգալուստի տօնին, առաւել եւս շէննայ այս սրբավայրը. ամէն։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏԵՍԻԼՔԸ

Սեւանավանքի մէջ կատարուած արարողութեան աւարտին ուրախութեամբ պարուրուած հոգւոյս մէջ նաեւ նշմարեցի, Սեւանավանքի կարեւորութիւնը եւ որպէս ապրող հաստատութիւն իր ունեցած վերելքի տարիները։ Նախորդ այցելութեանս ժամանակ լսած էի Սեւանավանքի վերահաստատման եւ Վազգէնեան Հոգեւոր ճեմարանի վերածննդեան պատմութիւնը, որուն հիմնական ռահվիրան էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։

Հոգեգալստեան տօնին կատարուած այս արարողութիւնը եւ մթնոլորտին խիստ տպաւորիչ ներշնչանքը անգամ մը եւս ուղղեց, որ աւելի քան 30 տարիներ առաջ վերստին հիմնադրուած կառոյցին յառաջդիմութեան թափանցենք։ Այս մէկը Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին տեսլականին հաւաստիքը պէտք է համարուէր, որովհետեւ 1990-ական թուականներուն Հայաստանի բազմապիսի անկեալ դպրեվանական համալիրներուն մէջէն ընտրուած էր Սեւանը եւ այսօր նոյն կառոյցը թերակղզիի շրջակայքին մէջ կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ աննման սրբավայրերէն մին։ Վեհափառը կարող չէ՞ր այլ վանք մը կոչել որպէս դպրանոց եւ Սեւանը միայն թողուլ Ս. Առաքելոց եկեղեցիով։ Կարող էր անշուշտ։ Սակայն կը կարծեմ, որ տեսաւ Սեւանայ լիճին աննման շունչը, կապոյտին եւ կանաչին իրար խառնուած շքեղ պատկերը ու որոշեց զարթուցանել Սեւանը։ Սեւան աննման ծովուն կողքին բարձրացած այս շքեղ համալիրը ահա, ներկայիս կը մնայ իր բարձր պատնէշին վրայ, շնորհիւ ու օրհնութեամբ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին։ Վազգէնեանի սաները կ՚ըմբոշխնեն Մաշտոց Վրդ. Եղիվարդեցիի սրբակենցաղ շունչով 9-րդ դարուն կառուցուած Սեւանավանքը ու կ՚երգեն Սեւանայ բարձունքին իրենց ներշնչողական ձայնով. Ամէն. Ալէլուիա. Ալէլուիա. Ալէլուիա…

Ահա, Անդաստանի աղօթքներուն մէջ յիշուած «Հայրապետութիւն Հայոց» բանաձեւը կը վերաբերի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, որ կը հոգայ իր սրբավայրերը ըստ կարելւոյն եւ նոյն բանաձեւի ճամբով կը յիշատակուի նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, որ Սեւանի վանքի մասնայատկութեան մէջէն կը մնայ հիմնադրողն ու տեսնողը Սեւանի վանքի հիանալի մթնոլորտին։ Թող որ Աստուած, լսելի դառնայ բոլորիս աղօթքները եւ Սեւանավանքի օրհնութիւնը միանայ Մայր Աթոռոյ արմատներուն. Հոգեգալստեան տօնախմբութիւնը նաեւ նոր տեսիլքներով օժտէ Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի Ան որպէս Հայրապետ Ազգիս Հայոց շարունակէ նոր հիմքեր դնելու Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս. ամէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

6 յունիս 2022, երկուշաբթի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022