ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան նկատմամբ իր գնահատանքը արտայայտեց՝ դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նման այցելութիւն մը կազմակերպած ըլլալու համար։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց արգասաբեր իրագործումներու շարունակութիւն եւ բարի տեսլականներու իրականացում։ Աշակերտներն ալ Վեհափառ Հայրապետին անակնկալ մատուցեցին երաժշտական կատարումներով։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց սաները եւ անոնց ընծայեց խաչեր ու սրբապատկերներ։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022