ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի 6-րդ միջազգային բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցները, որոնց ուղեկցեցաւ փրոֆ. Արա Պապլոյեան, որ այս համագումարի պատուոյ նախագահն է։ Հանդիպման սկիզբին Արա Պապլոյեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ տուաւ համագումարի մասնակիցներուն եւ ծաւալուած աշխատանքներուն, արձանագրուած արդիւնքներուն շուրջ։ Ան շեշտեց, որ հեռավար կապով համագումարին մասնակցած են նաեւ Արցախի բժիշկները՝ անդրադառնալով առկայ մարդասիրական տագնապին։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց օրհնութիւնները եւ կարեւորեց այս համագումարին բերումով աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու Հայաստանի մէջ համախմբուիլը։ Այսպէսով անոնք իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն երկրէն ներս առողջապահական բնագաւառի զարգացման։ Նորին Սրբութիւնը դրուատեց նման ձեռնարկներու իրականացումն ու բժիշկներու միջեւ մասնագիտական փորձառութեան փոխանակումը՝ ի նպաստ Հայաստանի մէջ առողջապահական նոր մշակոյթի ձեւաւորման եւ բժշկագիտութեան զարգացման։
Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած առողջապահական ու մարդասիրական տագնապին՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց սփիւռքահայ բժիշկներու հետեւողական աշխատանքը՝ իրենց երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ համախումբ Արցախի հայորդիներու անվտանգ կեանքի ու ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանումը։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը համագումարի մասնակից բժիշկներու առաքելութեան մաղթեց բարի արդիւնաւորում։ Ան պատգամեց ամենօրեայ գործունէութեան ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացնել՝ Հայաստանի առջեւ ծառացած գոյաբանական ու անվտանգային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։