ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՂՕԹՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։ Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող ուխտի շաբթուան շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին հայր սուրբը խօսք ուղղեց փոքրիկ, պատանի հաւատացեալներուն։ Ան մասնաւորապէս անոնց բացատրեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի կարեւորութիւնը։ Մանկանց աղօթքը եզրափակուեցաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2023