ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆԻ ՄԸ ԿՈՂՔԻՆ՝ ԱՐԴԱՐ ԽԻՂՃՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Վեհափառ Հայրապետը մասնակցած էր Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան խաղաղութեան աղօթքին եւ միջազգային հաւաքին։ Սուրբ Էճիտիոն աշխարհականներու համայնք մըն է, որ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գործէ։ Անոր գործունէութեան հիմնական առանցքը կը կազմէ ընկերային ծառայութիւնը՝ աղքատներու, հիւանդներու, գաղթականներու եւ կարօտեալներու նկատմամբ զօրակցութիւնով հանդերձ։ Գործունէութեան միւս առանցքը կը կազմէ խաղաղութիւնը։ Հռոմի մէջ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սուրբ Էճիտիոյի կեդրոնը, որու գլխաւոր մուտքին առջեւ զետեղուած է ուշագրաւ խորհրդանշան մը։ Այդ մէկը բացօթեայ նստարան մըն է, որու վրայ կ՚երեւի քնացած կարօտեալ մը, որ կը յիշեցնէ անտունները, որոնք քնանալու համար երդիք մը չունին։ Նորին Սրբութիւնը նկարահանուեցաւ այդ խորհրդանշանին մօտ՝ ի գնահատումն Սուրբ Էճիտիոյի այդ առաքելութեան՝ մինչ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գործունէութեան ամբողջին մէջ ալ այս երեսակը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021