ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որու ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 25 սաներ։ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին ըսաւ, որ առաջին սարկաւագը՝ Ս. Ստեփանոս կեանքը զոհած էր իր կոչումին հաւատարիմ մնալու համար։ Ան յիշեցուց, թէ քրիստոնէական եկեղեցին դարաւոր պատմութեան մէջ ունեցած է նահատակութեան բազմաթիւ դէպքեր։ Այս կէտին վրայ քարոզիչ սրբազանը յիշեցուց, որ Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ ալ երկու սարկաւագներ նահատակուած էին։ «Ձեր երկու լուսահոգի հոգեւոր եղբայրներու կեանքի ընթացքը ցոյց տուաւ, իրապէս, սարկաւագութիւնը զոհաբերութիւն է», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021