«ՏԷՐԸ ԱՌԱՏԱՊԷՍ ԻՐ ՈՒԺԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ՀԱՅՈՑ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԸ ՄԻՇՏ ԲԱՐՁՐ ԸԼԼԱՅ ԵՒ ԱԶԳԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Միաբանութիւնը Ս. Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Պատարագիչ սրբազան հայրը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը Ս. Վարդանանց խորհուրդի մասին։ «Աւելի քան 15 հարիւրամեակ անցած է այն օրէն ի վեր, երբ անոնք իրենց սխրանքն ու քաջութիւնը բերին հայրենիքի ու ազգի համար յայտնի Վարդանանց պատերազմին, Աւարայրի ճակատամարտին։ Այս 15 հարիւրամեակներու ընթացքին հայ ժողովուրդը բազում պատերազմներ ու ճակատամարտեր ունեցած է, բայց Աւարայրի ճակատամարտը ունի իր յատուկ, ուրոյն տեղը մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգիին, սրտին եւ առօրեայ կեանքին մէջ», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը քարոզի ընթացքին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք՝ նկատի ունենալով, որ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն ընթացքին աւանդաբար կը նշուի նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը։ Օրուան քարոզին մէջ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առթիւ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, անոր մաղթեց խաղաղութիւն ու քաջութիւն՝ շարունակելու այսօրուայ Աւարայրը եւ յաղթելու համար զայն։ Քարոզիչ սրբազան հայրը մաղթեց, որ Տէրը հայոց հովուապետին առատապէս պարգեւէ իր ուժը, որպէսզի իր հայրապետական գաւազանը միշտ բարձր ըլլայ եւ առաջնորդէ ազգը դէպի ապագայ յաղթանակներ, դէպի աստուածային օրհնութիւն։

Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յաւերժ պայծառութեան եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան, արդիւնաւոր գահակալութեան համար։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն կատարեց շարք մը նշանակումներ, որոնց մասին երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները։ Այսպէս, Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ։ Այս նոր պաշտօնը ստանձնելու զուգահեռ ան ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի փոխ-տնօրէնի պարտականութիւններէն։ Ինչպէս ծանօթ է, զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը թափուր մնացած էր՝ նախկին առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակուելուն բերումով։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանն ալ նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն։ Ան ազատուեցաւ Վանօրէից տեսչութենէն ներս ունեցած պարտականութիւններէն։ Վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ նշանակուած Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան վերջին տարիներուն կը գլխաւորէր վարչատնտեսական բաժինը։ Այժմ, երբ ան լուսարարապետ նշանակուած է, վարչատնտեսական բաժնի տնօրէնի պաշտօնին մէջ իրեն կը յաջորդէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021