«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿԱՄԵՆԱՐ»
Մեծ պահոց 13-րդ օրն է:
Պահք պահել չպահելու մէկ այլ երեւոյթը այն է, որ ոմանք ընդհանրապէս կը բացառեն պահք պահել, զայն անկարեւոր եւ անօգուտ համարելով: Ատոնք կարելի է բաժնել երեք խումբերու:
ա) Ոմանք, ըստ իրենց կամեցածին, տարուան որ օրը կամ օրերը որ ուզեն, իրենք իրենց համար պահք կը սահմանեն եւ կը պահեն:
բ) Որեւէ գործի կամ նպատակի մը յաջողութեան համար միայն պահք կը պահեն:
գ) Աղանդաւորական շարժումներ կան, որոնք պահքը ընդհանրապէս մէկ կողմ դրած են, բացի մէկ պարագայէ, երբ իրենց «հովիւ»ին սիրտը ուզէ պահք թելադրել իր «ոչխար»ներուն:
Տեսնե՛նք մէկ առ մէկ.-
ա) Եթէ եկեղեցիի անդամ ես, չե՛ս կրնար եկեղեցիէն անջատ կեանք մը ապրիլ եւ քու կամեցածիդ համաձայն ինչ ուզես ընես, այս պարագային՝ պահք պահես: Եթէ անդամ ես, հետեւաբար պարտաւոր ես նաեւ ենթարկուիլ այդ անդամագրութեանդ պահանջներուն: Միւս կողմէ, եթէ տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ սահմանած պահքերը կը պահես եւ ատոնցմէ դուրս հոգեւոր նպատակի մը համար կ՚ուզես պահք կամ ծոմապահութիւն ընել, ոչ մէկ խնդիր կայ, մանաւանդ այդ պահք հոգեւոր հօրդ՝ խոստովանահօրդ գիտութեամբ եւ անոր թելադրանքով է, որ կը կատարես, սակայն եկեղեցւոյ սահմանած պահքերը անտեսելով, ըստ քու կամքիդ պահք պահելը օգուտ չի՛ տար քեզի, ընդհակառակը միայն կը վնասէ քեզ:
բ) Այս կերպ մօտեցումն ալ սխալ է: Պահքը առաւել կերպով հոգեւոր նպատակներ կը հետապնդէ եւ ո՛չ նիւթական: Գործի յաջողութեան համար կայ աղօթքը, որ հզօրագոյն զէնքն է մարդուն յաջողութեան հասնելու համար: Երբ աղօթքը կայ, այդ պարագային կարելի է նաեւ պահել, բայց հոգեւորականի մը թելադրութեամբ՝ եթէ կարիքը կայ ատոր. այլապէս սեփական տրամաբանութեամբ գործի մը կամ որեւէ նպատակի մը համար պահք պահել առանց հոգեւոր գործօնին, բնականաբար պիտի հասցնէ ժխտական արդիւնքի, առաւել եւս Աստուծմէ հեռանալու, որովհետեւ այդպիսին երբ իր նպատակին չհասնի կամ գործի յաջողութիւն չունենայ, այդ անյաջողութիւնը պիտի վերագրէ Աստուծոյ, ըսելով պահք պահեցի բայց պատասխան չգտայ: Բնականաբար նման վերաբերմունք սատանայական է եւ ո՛չ մարդկային՝ աստուածային:
գ) Ի վերջոյ ամենէն վտանգաւոր երեւոյթը: Մեր օրերուն բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներ, որոնք ըստ իրենց կը գործեն Աստուծոյ անունով եւ Աստուծոյ համար, սակայն խորքին մէջ անոնք ամենեւին Աստուած չունին իրենց մէջ: Այդպիսիները ամէն կարգ-կանոն, օրէնք մէկդի դրած են, եւ նոր իմն «օրէնք»ներով կը գործեն: Այդպիսիներուն համար Պօղոս առաքեալ լաւ կ՚ըսէ, թէ՝ «Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն» (Ա. Կր 14.33): Իսկ այդ աղանդաւորական շարժումները ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով կամ «արդարացում»ներով կը մերժեն պահքը եւ այդպէս ալ կը թելադրեն իրենց հետեւորդներուն: Սակայն, անոնք կը մոռնան, թէ պահքը եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին մաս կը կազմէ, այլ խօսքով՝ եկեղեցւոյ կեանքին անբաժանելի մէկ մասն է, որու Գերագոյն Օրինակը մեր Տէրը Քրիստոս Ի՛նքն է: Դարձեալ դիմենք Պօղոս առաքեալին. «Եւ ինչ որ կ՚ընէք՝ թող վայելուչ ու կարգ կանոնով ըլլայ» (Ա. Կր 14.40): Տակաւին, այդ աղանդաւորական շարժումներուն «հովիւ»ները յանկարծ կ՚որոշեն, որ իրենց «եկեղեցի»ները պէտք է պահք կամ ծոմ պահեն, եւ կը պարտադրեն իրենց ոչխարներուն եւ ո՛չ թէ կը թելադրեն: Մինչ պահեցողութիւնը ազատ կամեցողութեան խնդիր է, ո՛չ ոք կրնայ միւսը պարտադրել: Իսկ պահողն ու չպահողը իրենք են որ պատասխան պիտի տան իրենց արարքին Աստուծոյ առջեւ: Սակայն, այդ «հովիւ»ները Աստուածաշնչական ամէն տեսակի ճշմարտութիւն մէկ կողմ ձգած, իրենցը առաջ կը տանին, զայն ներկայացնելով որպէս Աստուծոյ «կամք» կամ «յայտնութիւն»: Պօղոս առաքեալ լաւ իմանալով, որ այսպիսի երեւոյթներ պիտի կատարուին, կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն» (Բ. Տմ 4.3). այդ ուսուցիչները պատրաստ են միշտ ոչխարներ որսալու, եւ այդ կ՚ընեն գիտակցաբար, բայց եւ այնպէս ուժ չունին ձեբազատուելու, որովհետեւ գերին դարձած են իրենց եսին: Եւ այդպիսով, «պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել, եւ առասպելներու ականջ տալով պիտի կորսուին» (Բ. Տմ 4.4):
Եզրակացնելով, չմոռնանք, մեր Տէրը պահքը չեղեալ չնկատեց, ընդհակառակը երբ առիթով մը Յովհաննէս Մկրտիչին առաքեալները մօտեցան Անոր եւ պահքի-ծոմի մասին հարցուցին, անոնց պատասխանեց. «Կարելի՞ է հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ սուգ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ, եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ պիտի պահեն» (Մտ 9.15). այստեղ Փեսան Տէրը Ի՛նք էր, եւ այնքան ատեն որ տակաւին աշխարհի վրայ էր, աշակերտները պէտք չունէին պահք պահելու, բայց յստակ կ՚ըսէ, թէ՝ «ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ, եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ պիտի պահեն», այսինքն՝ երբ Յիսուս վերնար, աշակերտներն ալ, այսինքն՝ եկեղեցին ալ պիտի սկսէր պահել: Աւելին, նոյնինքն Տէրը նախքան իր գործունէութիւնը քառասուն օր պահք պահեց. ինչո՞ւ համար պահեց, պէտք ունէ՞ր պահելու: Բնականաբար պէտք չունէր, ուղղակիօրէն պահեց, որպէսզի մեզի համար օրինակ ըլլայ, որպէսզի մենք եւս նոյնը ընենք:
Հետեւաբար, եթէ Քրիստոս Ի՛նք կը թելադրէ պահք պահել, ո՞վ ես դուն մարդ արարած, որ կ՚անարգես Տէր Յիսուսի պատուէրը, ո՞վ ես դուն, որ կը հակառակիս Տիրոջ պատուիրանին:
Տասներեքերրորդ օրուան մարտահրաւէր. աշխատիլ լիիրաւ անդամ ըլլալ Եկեղեցւոյ, գործադրելով եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած բոլոր կանոններն ու օրէնքները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ