ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Աւագ երեքշաբթին նկատուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրը եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։ Այս օրը նաեւ անուանուած է որպէս «Յիշատակ տասը կուսանաց», որ սակայն ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի Քրիստոսի կատարած առաքելութեան հետ, պարզապէս առնուած է օրուան Աւետարանական ընթերցումներէն։ Օրուան շարականներն ալ ընդհանրապէս այս նիւթին մասին են։

Աւագ երեքշաբթի օր Եկեղեցին Տասը կոյսերու առակին կողքին նաեւ կը յիշատակէ Վերջին դատաստանին խորհուրդը, ջրհեղեղը եւ մարդկութեան կրկին անգամ սկիզբ առնելը։

Աւագ երեքշաբթին ստեղծագործութեան երրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է երրորդ ժամանակաշրջանին, երբ ջրհեղեղը ողողեց ամբողջ աշխարհը, Նոյի միջոցաւ մարդկային ցեղին վերսկզբնաւորումը եւ ատկէ ետք լեզուներու խառնակումը։

Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս կը գրէ. «Աղօթեցէք, որ ձեր փախուստը ձմեռ ատեն կամ շաբաթ օրը չպատահի։ Որովհետեւ այնպիսի՛ մեծ նեղութեան օրեր պիտի գան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ պատահած եւ ոչ ալ պիտի պատահի» (Մտ 24.20-21)։ Միշտ աղօթելը կը կրթէ մեզ եւ աղօթքները զօրաւոր են փորձութեան դէմ։ Փախչողներուն միշտ վտանգ կը սպառնայ՝ հալածանքներու պատճառով, մանաւանդ ձմեռնային եղանակին, սառնամանիքներու եւ ցուրտի վտանգին պատճառով։ Ո՛չ ոք կրնայ լեռներուն կամ անապատի քարայրներուն մէջ պաշտպանուիլ՝ հետքերը չձգելով ձիւնին կամ աւազին վրայ, եւ յայտնապէս երեւալով, հալածող թշնամին շուտով կը (գտնէ զայն)։ Շաբաթ օրուան օրէնքները, ո՛չ պատերազմիլ եւ ոչ ալ փախչիլ կը հրամայեն։ Իսկ մեզի համար, շաբաթ օրը երկինքի մշտնջենական հանգիստը կը կերպարանաւորէ. ձմեռը՝ դժոխքի դժնդակ դառնութիւնը կը խորհրդանշէ։ Արդ, մեր Փրկագործին երեւնալուն, այլեւս երանաւէտ հանգիստէն փախչիլ պիտի չըլլայ մեզի համար՝ որ մեծ եւ անվախճան շաբաթն է, նոյնպէս ալ եւ մեր բռնուիլը (բանտարկուիլը)՝ անսպառ ձմեռնային դժոխքին մէջ վախճան պիտի չունենայ» (հատուած Աւագ երեքշաբթուան ճառէն)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022