ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՒԱՔԸ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած այս հաւաքը առիթ հանդիսացաւ, որ թեմի հոգեւոր սպասաւորները վայելեն իրարու եղբայրութիւնը եւ այս նուիրական շրջանին վերաթարմացնեն իրենց հաւատը, նաեւ ծառայութեան ուխտը։ Հոգեւորականաց հաւաքը գլխաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, թեմի հոգեւորականաց հաւաքը տեղի ունեցաւ զանազան փուլերով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող՝ զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու վանքերէն ներս։ Հաւաքի իւրաքանչիւր օրը կը սկսէր առաւօտեան ժամերգութիւնով եւ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեանի հոգեւոր խորհրդածութիւններով՝ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց ճգնումի աւանդութիւններուն։

Հաւաքի օրերուն հոգեւոր զրոյցներու ձեւաչափին մէջ քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ ալ հրաւիրուած էին՝ որպէս հիւր ատենախօս։ Անոնց շարքին էին Պրուքլինի Սեն Մարոն թեմի վիճակաւոր Կրէկորի Մանսուր Եպիսկոպոսը, Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Ճոն Ապտալլա Եպիսկոպոսը, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Ճոն Քաուաք Արքեպիսկոպոսը եւ այլք։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022