Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԴԷՊԻ ԴԱԴԻՎԱՆՔ

Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Ասըրեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք։

Հարկ է նշել, որ երկար ժամանակէ ի վեր դէպի Դադիվանք ուխտաւորներ առաջնորդել հնարաւոր չէր ըլլար՝ թէեւ այնտեղ կը շարունակեն գտնուիլ եկեղեցականներ եւ հոգեւոր կեանքը կը շարունակուի։ Այս իրավիճակին մէջ Տ. Ներսէս Քհնյ. Ասըրեանի երէկուան գրառումը ուշագրաւ էր. «Երկար սպասուած լուր մեր հաւատացեալներուն համար. Ս. Յարութեան տօնին Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք»։ Մասնակցելիքները պէտք է արձանագրուին Ստեփանակերտի երկու եկեղեցիներէն մէկուն մօտ։

Միւս կողմէ, Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ։ «Ատրպէյճանցիները մեզ կը զրկեն մեր պատմական ինքնութենէն, որպէսզի դիւրին լուծեն արցախահայութիւնը տեղահանելու խնդիրը», ըսած է ան։ Հարցազրոյցին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը խստօրէն քննադատեց Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ բերուած պնդումները, ըստ որոնց Դադիվանքը ուտիական, աղուանական եկեղեցի մըն է։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան միշտ կը ձգտի լարուածութիւն ստեղծել եւ օգտուիլ անկէ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022