Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԼԻԷԺԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Ս. Զատկի տօնին առթիւ պատարագեց Լիէժի մէջ։ Տեղւոյն հայութիւնը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ։ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Հայր սուրբը արարողութեան ընթացքին ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին տաղաւարի առթիւ պատգամը, նաեւ փոխանցեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները։ Ապա Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան խօսեցաւ օրուան քարոզը՝ բոլոր հաւատացեալներուն փոխանցելով Ս. Յարութեան աւետիսը։

Յաւարտ Ս. Պատարգի տեղի ունեցաւ տօնական խրախճանք, որուն մասնակցեցան Լիէժէն եւ շրջակայքէն բազմաթիւ հայեր։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, ծխական խորհուրդի եւ տիկնանց կազմին ջանքերով կազմակերպուած այս խնջոյքը բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբեց ներկաները։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Սերկէյ Մայիլեան։ Երաժշտական յայտագիր գործադրուեցաւ Ռաֆֆի Մարտոյեանի կողմէ։

Հարկ է նշել, որ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արդէն մէկ տարին բոլորած է՝ որպէս Լիէժի հոգեւոր հովիւ։ Ս. Զատկի տօնակատարութիւններուն ժամանակ ան անդրադարձաւ այս ժամանակաշրջանին ապահովուած ձեռքբերումներուն հոգեւոր եւ աշխարհիկ գետնի վրայ։ Հայր սուրբը նշեց, որ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս թափ ստանան կազմակերպման աշխատանքները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան բոլորին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, որ Լիէժի ծուխէն անպակաս կ՚ընէ իր հայրական ուշադրութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Զատկի տօնը կը համընկնէր ծուխէն ներս այս առաջին տարեդարձին՝ հայր սուրբը եւ ծխական խորհուրդի անդամները միասնաբար հատեցին կարկանդակ մը, ինչ որ բնորոշեց խրախճանքի վառ պահերէն մին։

Լիէժի շրջանի հայութիւնը այսպէսով աւանդական մթնոլորտի մէջ նշեց Ս. Զատիկը, ստացաւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի օրհնութիւնը՝ մինչ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին տօնական բարձր տրամադրութեամբ։

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023