Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԼԱՒԱԼԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս կը գտնուի, Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի արուարձաններէն Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի օրհնութեամբ՝ ան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Էջմիածին» դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Վահէ Սրկ. Փուչիկեանի։

Ս. Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Ս. Յարութեան տաղաւարի պատգամը։ Ապա, հայր սուրբը խօսեցաւ օրուան քարոզը՝ շեշտը դնելով քրիստոնէական յոյսի եւ միասնականութեան վրայ։ «Յիսուսի գերեզմանին առջեւ կանգնած քարը կը խորհրդանշէ մեր անձնական եւ հաւաքական նեղութիւնները», ըսաւ ան։ Հուսկ, քարոզիչ հայր սուրբը մաղթեց, որ Սուրբ Յարութիւնը առիթ դառնայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ մեր նեղութիւններէն ձերբազատուելու։ Արարողութեան ընթացքին բազմաթիւ հաւատացեալներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023