ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄՈՐ ԿԱՊՐԻԷԼ ԱՍՈՐՒՈՑ ՎԱՆՔԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ աւարտեց դէպի գաւառ իր ուղեւորութիւնը եւ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլ։ Այս օրուան դրութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն գործնականօրէն վերադարձած է իր Աթոռը։

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ դէպի Տիարպաքըր կազմակերպուած ուխտագնացութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցած էր Մարտին, ուր քանի մը օր անցուց Տէյրիւլզաֆարան ասորւոց վանքին մէջ։ Երէկ, պատմական վանքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մարտինի եւ Տիարպաքըրի Սալիպա մետրապոլիտին։

Օդակայանի ճանապարհին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ նոյնպէս ասորւոց Մոր Կապրիէլ վանքը, որ կը գտնուի Մարտին քաղաքի Միտիաթ գաւառակին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վանականներու կողմէ դիմաւորուեցաւ եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց նոյն համալիրի եկեղեցւոյ մէջ։ Ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ վանքի մեծաւորին՝ Թուրապտինի առաջնորդ Սամուէլ մետրապոլիտին հետ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Կարմօ Եպիսկոպոսը։ Վանական համալիրէն ներս Նորին Ամենապատուութեան ի պատիւ սարքուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան ծրագիրը եզրափակուեցաւ։ Ան Մարտինի օդակայանէն թռիչք առնելով օրուայ աւարտին վերադարձաւ քաղաքս, ուր Իսթանպուլի օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ քաղաքս վերադարձաւ նաեւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ դէպի Տիարպաքըր ուխտագնացութեան Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անունով մասնակցելէ վերջ, ուղեւորութեան շարունակութեան ալ ընկերացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի առընթեր։

Հարկ է նշել, որ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի վերադառնայ՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2022