ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի եպիսկոպոսները։ Այս առթիւ շօշափուեցան երկրի կեանքի առկայ իրավիճակին առընչուած հարցեր։ Խորհրդակցութեան աւարտին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր երէկ հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը։

*

Քննարկելով մեր հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու այս շրջանին արձանագրուած շարք մը դատապարտելի երեւոյթներու առընչութեամբ։

Յունիսի 7-ին սկսած նախընտրական քարոզարշաւի առաջին իսկ օրէն տեղ գտած ատելութեան խօսքը, վարկաբեկիչ եւ վիրաւորական արտայայտութիւնները, հայհոյելու, հաշուեյարդարներով ու բռնութեամբ սպառնալու վարքագիծը, ցաւօք, մեր հասարակութիւնը այնպիսի կացութեան մը առջեւ կրնայ կանգնեցնել, որ ահագնացման պարագային անխուսափելի պիտի դառնան անհանդուրժողութեան, ատելութեան եւ թշնամանքի հողի վրայ քաղաքացիական բախումները։ Արդարացում չունին եւ դատապարտելի են այն բոլոր քայլերը, որոնք կը պառակտեն եւ կը բեւեռացնեն պատերազմի ցաւերը տակաւին չամոքած մեր հասարակութիւնը։ Անառարկելի ճշմարտութիւն է չար սերմը երբեք չի կրնար բարի պտուղ տալ եւ ինքն իր մէջ բաժնուած ամէն տուն կանգուն մնալ (հմմտ. Մատթ. ԺԲ 25)։

Նժարի վրայ դրուած է հայրենիքի ապագան։ Հարկ է հայրենասիրութիւն, նախանձախնդրութիւն ու հետեւողականութիւն դրսեւորել հայրենիքի շուրջ մեր ժողովուրդի միասնական տեսլականի ձեւաւորման գործին մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւրը պատիւ համարէ խոնարհիլը այդ տեսլականի իրագործման լուծի ներքեւ։ Սա է նուազագոյն գինը, որ կրնանք վճարել բոլոր ժամանակներու մեր նահատակ զաւակներու անձնազոհութեան դիմաց։ Այս գիտակցութիւնը պէտք է գերակայէ մեր երկրին մէջ եւ ուղիներ հարթէ առկայ խնդիրներու յաղթահարման։

Այսու կոչ կ՚ուղղենք բոլոր քաղաքական ուժերուն յատկապէս իշխող կուսակցութեան, զերծ մնալ անպատշաճ խօսուածքէ ու պահուածքէ։ Բազմադարեայ հարուստ մշակոյթ եւ բարձր արժէքներ կերտած մեր ժողովուրդին անյարիր են այնպիսի դրսեւորումները, որոնք կը նսեմացնեն մեր ազգային նկարագիրն ու վարկը։ Մի՛ ըլլաք չարի սերմնացաններ եւ անընդունելի վարքագծով գայթակղութիւն մի՛ դառնաք քրիստոնեայ մեր ժողովուրդին համար։

Կ՚աղօթենք, որ Տէրը իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ խաղաղութեան մէջ պահէ մեր երկիրը՝ պարգեւելով իմաստութիւն համայն մեր ժողովուրդին, սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ արարելու իր վաղուայ օրը։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021