ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Խորհրդային Հայաստան 100. Եկեղեցին եւ պետութիւնը» խորագրեալ գիտաժողովը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի նախաձեռնութեամբ եւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ զուգահեռաբար կազմակերպուած էր նաեւ արխիւային վաւերագրերու եւ նիւթերու ցուցահանդէս մը, որու բացումն ալ կատարուեցաւ նոյն առթիւ։ Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած էին գիտաժողովի նիւթին հետ առընչակից արխիւային վաւերագրեր, գիրքեր ու այլ զանազան նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի կտաւներէն մին՝ որպէս Խորհրդային Հայաստանի արուեստի տիպական ստեղծագործութիւն։

Գիտաժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի բացման խօսքով։ Ներկաները ողջունեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի «Քաղաքական երկխօսութիւն Հարաւային Կովկաս» տարածքաշրջանային ծրագրի ղեկավար տքթ. Թոմաս Շըրափել։

Գիտաժողովի առաջին մասը կը կրէր «Խորհրդայնացումէն ազգային պետութիւն» վերնագիրը։ Զեկուցումներով հանդէս եկան Աւագ Յարութիւնեան (Կրօնական քաղաքականութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ 1920-1930-ական թուականներուն), Ամատունի Վիրաբեան (Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները եւ անոնց վերաբերմունքը եկեղեցւոյ նկատմամբ 1920-1930-ական թուականներուն), Գոհար Աւագեան (Խորհրդային Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ եւ այլ կառոյցներու գործունէութիւնը ի նպաստ հայրենիք-սփիւռք կապերու հաստատման 1921-1945 թուականներուն)։ Նոյն բաժնին մէջ զեկուցում մըն ալ ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան, որ բանախօսեց Խորհրդային Հայաստանէ ներս 1945-1960 թուականներուն հայկական եկեղեցիներու վերաբացման հարցին շուրջ։

Գիտաժողովի երկրորդ բաժինը կոչուած էր «Ազգային զարթօնքէն անկախութիւն»։ Այս բաժնին մէջ զեկուցումներ ներկայացուցին փրոֆ. Էդիկ Մինասեան (Ազգային վերածնունդը եւ Հայ Եկեղեցին 1960-ական թուականներուն), փրոֆ. Աննա Ասատրեան (Խորհրդային Հայաստանի արուեստը եւ մշակոյթը), Հայ ազգային քոնկրէսի փոխ-նախագահ Արամ Մանուկեան (1920 թուականի պատմական քոմփրոմիսը) եւ «Արմէնփրէս» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան (Պատմութեան վերաիմաստաւորումը. Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ներկայի համայնապատկերին վրայ)։

Իւրաքանչիւր զեկուցման աւարտին ներկայացուած նիւթին շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021