ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին լսարանի տասնութ սաներուն հետ։ Ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ներկայացուց այս տարի հոգեւոր հաստատութիւն մուտք գործած ուսանողները։ Ըստ իրեն, Ճեմարանի առաջին լսարանի սաներուն հետ Վեհափառ Հայրապետի տարեկան հանդիպումը դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։ Տեսուչի խօսքերով՝ նման հանդիպումները կ՚ոգեշնչեն երիտասարդները եւ զանոնք առաւել կը խանդավառեն իրենց ուսումնառութեան մէջ։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան ճեմարանականներուն յորդորեց ուսմնառութեան տարիները լաւագոյնս ծառայեցնել գիտելիքներ ամբարելու եւ հոգեւոր առաքելութեան պատրաստուելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցական կերպարին՝ պատգամելով սաներուն հետեւիլ մեր Փրկչի եւ Հայ Եկեղեցւոյ լուսաւոր վարդապետներու օրինակին եւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով իրենց անձերը ծառայեցնել ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդին։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ճեմարանականները՝ մաղթելով բարեյաջող ուսումնառութիւն հոգեւոր հաստատութեան կամարներուն ներքեւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017