ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Մար Աւա Գ. Ռոյէլին։ Երկու հոգեւոր պետերը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։ Ասորի կաթողիկոս-պատրիարքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար երկրի ասորական համայնքի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութեան։

Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ջերմօրէն ողջունեց հիւր հոգեւոր առաջնորդը՝ անդրադառնալով հայ եւ ասորի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ երկու եկեղեցիներու դարաւոր կապերուն։ Իր կարգին, Մար Աւա Գ. Կաթողիկոս-պատրիարքն ալ ընդգծեց, որ իր այցելութեան նպատակներէն մին է խորացնել եւ ամրապնդել եղբայրական յարաբերութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ։

Զրոյցի տեւողութեան երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն։ Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքը մաղթեց, որ Տիրոջ օրհնութեամբ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատուի տարածաշրջանէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2022