ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՄԻՆԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Ս. Մինասի տօնին առթիւ, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց մասնակցեցան քաղաքիս զանազան թաղերէն հաւատացեալներ։ Տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը շեշտը դրաւ սրբութեան գաղափարին վրայ ու նշեց, որ հաւատացեալներուն տեսակէտէ որքան կարեւոր է անոնց բարեխօսութիւնը հայցելը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս փուլին եւս շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւնը, մինչ բոլոր սեղանակիցները ըմբոշխնեցին իրարու անմիջական զրոյցը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023