«ԱՋԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԿԱՅՔԷՋ ՄԸ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը պէտք է շարունակուի աշխարհասփիւռ  հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ։

Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յիշեցուց, որ Արցախի դէմ սանձազերծուած եւ 44 օր տեւած պատերազմին հետեւանքով աւելի քան 100 հազար հայ տեղահանուած ու հաստատուած է Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս։ Այդ ընտանիքներու մէկ մասը թէեւ պատերազմէն վերջ արդէն վերադարձած է Արցախ, սակայն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին ունին ընկերային զանազան կարիքներ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, պատերազմի հետեւանքով աւելի քան 35 հազար հոգի զրկուած է իր տունէն։ Զոհուած կամ վիրաւոր հերոսներու ընտանիքները ունին հոգեբանական եւ ընկերային շարք մը խնդիրներ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 2020 թուականի դեկտեմբերին սկիզբ դրուեցաւ «Աջակցինք Արցախին» ծրագրին, որու նպատակն է առաւել համակարգուած ձեւով օգնութեան ձեռք երկարել պատերազմի հետեւանքով ընկերային տեսակէտէ ծանր կացութեան մատնուած ընտանիքներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Այս նպատակով կեդրոնացուած են նաեւ սփիւռքի շարք մը թեմերու ուժերը եւ այդ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը վստահուած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին։

Վեհափառ Հայրապետի բանբերը՝ Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան տեղեկացուց, որ հանգանակութիւններ իրականացնելու եւ ծրագրի ընթացքը լուսաբանելու նպատակով ստեղծուած է նաեւ համացանցային կայքէջ մը՝ www.artsakhoutreach.org։ Այս վերջնոյն միջոցաւ պարբերաբար պիտի հրապարակուին ծրագրի նպաստընկալներու եւ աջակիցներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կամ պատմութիւններ։ Առաջին պատմութիւնը կը վերաբերի Կիւմրիին։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021