ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Երեւանի եւ Հայաստանի թեմի ժամանակաւոր կառավարիչ, Փոտոլսքի եւ Լիւպերցքի Արքեպիսկոպոս Աքսիյը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Արքեպիսկոպոսը, որուն յղեց բարեմաղթանքներ՝ արդիւնաւոր առաքելութեան համար Հայաստանի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան, որու ակունքներուն կանգնած են նաեւ երկու եկեղեցիները։ Ան վստահութեամբ արձանագրեց, որ հաւատքը այն ամուր հիմքն է, որով ժողովուրդները արժանապատուօրէն կը յաղթահարեն իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ վերականգնելով իրենց կեանքէն ներս բաղձալի խաղաղութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Երկնաւոր Տէրը զօրավիգ ըլլայ պատերազմի փորձութեան միջով անցնող ժողովուրդներուն։

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024