ԻՆՔՆԱՄՓՈՓՄԱՆ ԵՒ ԶՂՋՈՒՄԻ ԿԵԱՆՔԸ

Մեծ Պահքի 22-րդ օրն է:

Այսօր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ Զարմայր Աւ. Քհնյ. Կէզիւրեանի «Ինքնամփոփման եւ զղջումի կեանքը» գրութենէն հատուածներ:

Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին Մեծ պահոց օրերուն, առաւել քան ուրիշ որեւէ մէկ ատեն, ինքնամփոփման կը հրաւիրէ հաւատացեալ քրիստոնեան: Մասնաւորապէս ապաշխարութեան յատկացուած հինգ օրերուն մէջ շաբթուան Սուրբգրական ընթերցուածները՝ ներշնչուած մարգարէից եւ առաքելոց բերնով՝ ցայտուն գոյներով կը պատկերացնեն մեղքին պատճառած չարիքները եւ կիրակնօրեայ ընթերցուածները, մասնաւորապէս աւետարանական գոհար պատուէրները կը ցուցնեն այն ճամբան, ուրկէ պէտք է ընթանայ քրիստոնեան՝ փրկութիւնը գտնելու համար:

Արդարեւ, ինքնամփոփումը առաջին հանգրուանն է մարդուս, շիտակ ճամբու մէջ յառաջանալու համար: Ինքնամփոփումը այնքան աւելի անհրաժեշտ է, որքան ստոյգ է, թէ կեանքի հեւ ի հեւ վազքին մէջ, մարդիկ վայրկեան մը իսկ չունին մտածելու իրենց անցուցած կեանքին եւ հետեւելիք ուղղութեան վրայ:

Ճամբորդներ ենք մոլորուն, որ չգիտենք թէ ո՛ւր կ՚երթանք եւ ի՞նչ ճամբով կ՚երթանք:

Այսպէս են մարդիկ աշխարհային կեանքի մէջ, եւ կ՚ենթարկուին դառն հետեւանքներու, շատ անգամ առանց անդրադառնալու, թէ նախապէս գործուած սխալներու արդիւնք են անոնք:

Այսպէս է մանաւանդ հոգեւոր կեանքի մէջ:

Որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ մարդ որոշ պահ մը նուիրէ ինքնամփոփման, ամէն օր՝ եթէ հնար է, բայց գոնէ տարւոյն մէջ որոշեալ օրեր: Եւ Եկեղեցին ճիշդ այդ առիթն է, որ կ՚ընծայէ մեզ Մեծ պահոց մէջ, ներքին խոկումներու նուիրուելու:

Գեղեցիկ առաջադրութիւններ, բարձր, ազնուացնող մտածումներ կրնայ ունենալ ա՛յն միայն, որ գիտէ ինքնամփոփուիլ, այն ճշմարիտ քրիստոնեան մանաւանդ, որ իրեն առաջնորդ ունի Ս. Գիրքը եւ անոր փառապսակը՝ Ս. Աւետարանը:

Ո՜րքան սխալներ պիտի ներկայանային մեր աչքին առջեւ մեր անցեալ կեանքի գիծերէն, զորս պիտի չուզէինք գործած ըլլալ: Սխալիլը մարդկային է, անսխալ մարդ չկայ, եւ առաւել կամ նուազ մեծ այս սխալներն են, որ գիտակցօրէն - կիրքերէ մղուած - կամ անգիտակից կերպով գործուած հոգեւոր կեանքի մէջ «մեղք» կը կոչուին, եւ որոնց տխուր հետեւանքները կը կրենք ամէն օր, հետեւանքներ՝ նիւթական, ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր:

Անհատական թէ հանրային կեանքի մէջ ո՛րքան դժբախտութիւններ պիտի խնայուէին մարդկութեան, եթէ չգործուէին մեծ կամ փոքր սխալներ, որոնց տխուր, երբեմն ահաւոր հետեւանքներուն կ՚ենթարկուինք, առանց անդրադառնալու գործուած սխալին վրայ, եւ մենք՝ ամբարիշտ կարճամիտներս՝ միամտօրէն այդ հետեւանքներուն պատասխանատու կը բռնենք զԱստուած, որ գերագոյն Սէրը, գերագոյն Արդարութիւնը, գերագոյն Գթութիւնը եւ գերագոյն Իմաստութիւնն է միեւնոյն ատեն:

Պէտք է, ուրեմն, հաւատացեալը, ինքնամփոփման պահեր յատկացնէ աշխարհային, մանաւանդ իր հոգեւոր կեանքին համար, անդրադառնայ իր սխալներուն եւ զանոնք սրբագրելու պէտքին վրայ: Ո՛րքան թելադրող են Ս. Աւետարանի կենսատու պատգամները Զղջումի կեանքին վրայ, ուր ամբողջ ուղեգիծ մը կը պարզուի քրիստոնէական ճշմարիտ կեանքի, ուր մեր Տէրը հիանալի առակներով կը սորվեցնէ մեզի, թէ ի՛նչ կերպով պիտի կրնանք փրկութեան ճամբուն մէջ մտնել:

Մտամփոփ երկիւղածութեամբ լսենք փրկչական պատգամները՝ աղօթքի, պահքի եւ ողորմութեան վրայ - մի՛շտ գաղտնի եւ երբեք ի ցոյց մարդկան -, աշխատինք հասնիլ զղջացող Անառակին հոգիի բարձրութեան, մեր հոգիի խորէն անկեղծ զղջումով մը դիմելով գթութեան Տիրոջը, Տնտեսին իմաստութիւնը ունենանք «անիրաւ մամոնայէն մեզի բարեկամներ շինելու» մեր հոգեւոր կեանքին համար, եւ անիրաւ Դատաւորին դիմող այրի կնոջմէն հազարապատիկ աւելի լեցուն հաւատքով եւ վստահութեամբ դիմենք մեր երկնաւոր Հօրը, մեր գթառատ, ամենաբարի Հօրը, խնդրելու Իր ներողամտութիւնը մեր մարդկային մեծ ու պզտիկ սխալներուն, մեղքերուն, հոս, այս աշխարհին մէջ ունենալու համար երջանկութիւնը, որ խղճմտանքի անդորրութեան մէջ է առաւելապէս, եւ արժանաւոր տեղ մը երկինքի թագաւորութեան մէջ, որ անվախճան է եւ յաւիտենական, յաւիտենականութեան Տիրոջ նման:

(«Հայ Խօսնակ», Հանդէս կրօնական, բարոյական եւ գրական, Բ. տարի, թիւ 6, մարտ 1926, էջ 121-123):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023