ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՌ
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԱՆԴԱՄՈՒՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

Աստուծոյ կամքով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ որպէս քահանայ ծառայութեան կոչուեցաք ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ս. Պատրիարք Հօր։

Դուք, նախքան Ձեր քահանայ ձեռնադրուիլը, գործած էք որպէս իրաւաբան։ Ազգայիններէ տեղեկացած ենք, թէ Ձեր ասպարէզը կիրարկած էք խղճմտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

Հոգեւոր վերին իշխանութիւնը տեսած էր նաեւ Ձեր հաւատաւոր կեցուածքը ի մէջ Սուրբ Եկեղեցւոյ, մանաւանդ Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ տիրող հոգեւոր ու ազգային արժէքներու մթնոլորտը։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ձեզի յանձնարարուած պատրաստութեան շրջանին սիրով ենթարկուեցաք ու ի վերջոյ արժանացաք քահանայական սուրբ աստիճանին։

Ձեր քահանայական պարտականութիւնները կատարած էք այն չափով, որչափ որ Տէրը շնորհած էր Ձեզի։ Սակայն ունեցած էք առաքինութիւն մը, որով հետեւած էք մեր Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներու ուղիին եւ Ձեր գրիչը ի սպաս դրած էք ստորագրելով բազմաթիւ յօդուածներ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ։ Վստահ ենք, թէ Հայ լեզուին ու գրականութեան ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ Ձեր նախանձախնդրութիւնը, որպէս հօրենական աւանդ ի տղայ տիոց արծարծուած են Ձեր ընտանեկան յարկին տակ ու զարգացած՝ Մխիթարեան հայրերու շունչով։

Ձեր ստորագրած յօդուածները ունեցած են դաստիարակիչ ու ուսուցանող արժէք, գնահատուած են ընթերցող հասարակութեան կողմէ։

Մեզի համար ուրախացուցիչ պարագայ մըն է տեղեկանալ, թէ Ձեր յօդուածները պիտի վերածուին գիրքի, որ վստահաբար իր արժանի տեղը պիտի գտնէ մատենադարաններու մէջ։ Ուստի այս առթիւ կը գնահատենք Ձեր ծառայութիւնը եւ Ձեզի կը շնորհենք սոյն

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐը,

կցելով անոր Մեր աղօթքները։ Ամենակալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն Եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զՁեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ Ձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

Աղօթարար՝
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022