ԱՒԻՆԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ի նպաստ ձեռնարկուած քայլերուն՝ մասնաւորապէս եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կառոյցներու բարւոք պահպանման եւ տարածքներու բարեկարգման խնդիրներուն։ Այս առումով կարեւորուեցաւ գործակցութիւնը քաղաքապետարանի հետ՝ ապահովելու համար երեւանցիներու հոգեւոր կեանքի պատշաճ կազմակերպումը։ Խօսուեցաւ նաեւ մայրաքաղաքի առկայ խնդիրներու եւ զարգացման ծրագրերու մասին։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային նախատեսուած է Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնը եւ այժմու փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի հանդիսանայ իշխանութեան քաղաքապետի թեկնածուն։ Տիգրան Աւինեան անցեալ կիրակի, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Ս. Զատկի առթիւ մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023