«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ ԿԱՄԱԿԱՏԱՐ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապալի իրավիճակին մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներ ալ հանդէս կու գան յայտարարութիւններով՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու բովով ժողովուրդին հետ բաժնելով իրենց մօտեցումները։ Այսպէս, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան ըսաւ. «Եկեղեցին պէտք չէ ըլլայ կամակատար։ Իշխանութիւնը կը պահանջէ, որ եկեղեցին լուռ մնայ»։

«Tert.am» կայքէջին վրայ, «Կիզակէտում» ծրագրի շրջանակէն ներս Նորին Սրբազնութեան կողմէ Արտակ Գրիգորեանին տուած հարցազրոյցը ներկայացուած է ամբողջութեամբ։ Այս առթիւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան նշած է հետեւեալը.

«Եկեղեցին պէտք չէ ըլլայ կամակատար՝ ինչպէս վերէն կարգադրեն, այդպէս կ՚ըլլայ, այդպէս պիտի չըլլայ։ Իշխանութիւնները փաստօրէն կը պահանջեն, որ եկեղեցին լուռ մնայ։ Չեն ուզեր, որ զիրենք քննադատենք։ Եկեղեցին միշտ ալ պատրաստ է լեզու գտնելու, աշխատիլ իշխանութիւններու հետ՝ մանաւանդ հայրենի իշխանութեան հետ, եթէ ի հարկէ, անոնք հայրենի իշխանութիւններ են։ Այս իշխանութիւնները վտանգաւոր են մեր ազգի եւ մեր պետութեան գոյութեան համար։ Առաջին օրէն պարզ էր, որ այս իշխանութիւնները կ՚երթան Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու ուղիով։ Ժողովուրդը պէտք է հասկնայ այս բանը ու փոխէ իշխանութիւնը»։

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանն ալ վերջին օրերուն յայտարարութիւններ ըրած էր՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան ապագայ սահմանազատման ու սահմանագծման ծիրէն ներս նախատեսուած կարգ մը կարգադրութիւններուն, որոնցմով հաւանական կը դառնայ սահմանամերձ կարգ մը գիւղերու Ատրպէյճանին յանձնուիլը։ Ան յայտնած էր, որ տաւուշցիները տալու հող չունին։  

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2022