Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԵՊՍԿ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան այսօր կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Յանուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Նորին Սրբազնութիւնը մասնակցած էր անցեալ շաբաթավերջին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ դէպի Տիարպաքըր կազմակերպուած ուխտագնացութեան։

Նոյնպէս այսօր, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կը վերադառնայ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ Աւագ շաբաթէն ի վեր վերադարձած էր քաղաքս՝ ընդհատելով իր ուսման ընթացքը, զոր յառաջ կը տանի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս։ 

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2022