ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ. ԽՈՆԱՐՀԵԼՈՎ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌՋԵՒ

Այս տարի, յատուկ յարգանքով կը յիշատակուի հայ կրօնական արուեստի եզակի նմոյշներու ներբող, «Առաւօտ լուսոյ»ի, «Հաւատով խոստովանիմ»ի, «Նորահրաշ»ի եւ բազմաթիւ այլ հոգեւոր երգերու, աղօթքներու, տաղերու, առակներու եւ հանելուկներու հեղինակին, 12-րդ դարու մեր մեծ սուրբին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Երաշնորհ Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցը:

Ընդհանրապէս մեծ անուններ կը յիշուին իրենց ծննդեան թուականներով: Այսպէս, անոնք իբրեւ յոբելեարներ, ամբողջ տարուան ընթացքին, իրենց մասին յիշատակումներ կը ծրագրուին, տեղի կ՚ունենան հրապարակային ելոյթներ, սեմինարներ, դասախօսութիւններ, քննարկումներ, գրական գործերու ընթերցումներ, բանաւոր եւ գրաւոր ծանօթութիւններ, գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ գիտաժողովներու կողքին:

Այս առթիւ մամուլն ալ իր կարգին, լայն կը բանայ իր էջերը եւ իր ընթեցողներուն կը յիշեցնէ, կը պարզէ, կը ներկայացնէ յոբելեարին կեանքն ու գործերը, անոր կատարած եւ տարած աշխատանքները, դրուագներու թուարկումներու եւ յօդուածաշարքերու միջոցով:

Բայց, նաեւ անուններ ալ կան, որոնք իբրեւ յոբելեարներ կը յիշատակուին իրենց մահուան թուականներով, առ ի պարծանք ու հպարտանք: Որովհետեւ նոյն այդ անունները, նոյնիսկ իրենց մահէն ետք կրցած են գրաւել ամբողջ ժողովուրդի մը սէրն ու հիացումը, իբրեւ ամբողջապէս նուիրուած ծառայ ազգին եւ իր դարուն:

Եւ ահա յատուկ օրինակ մը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը:

Բոլորս ալ անկասկած մեր կեանքի ընթացքին եւ կամ որոշ տարիքին, լսած, սորված, երգած կամ աղօթած ենք նշած այս տողեր-աղօթքը, առանց նոյնիսկ մեր մտքէն անցընելու կամ վերլուծելու այս աղօթքին հեղինակն ու անոր գրական խոնջէնքը եւ կամ մօտէն ճանչնալու հեղինակը:

Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագիա,

Ո՞վ չի յիշեր այբ, բեն, գիմ-ի կարգով շարուած այս տողերը: Աւելի ճիշդ ժամանակին հետ քալող այս բանաստեղծութիւնը:

Իմ կարգիս, տակաւին մտքիս մէջ թարմ է յիշատակը այն օրերուն, երբ մենք նախակրթարանի մեծ ու փոքր աշակերտներ, ամէն առաւօտ, դասապահերէն առաջ, փոքր խումբով մը կը մէկտեղուէինք դպրոցի բակի ճակտին ու փոքրիկ խումբով կ՚երգէինք «Առաւօտ լուսոյ» աղօթքը:

Արդ, ո՞վ է համբաւաւոր այս մեծ հոգեւորականը, հեզաբարոյ կաթողիկոսը, որ տակաւին իր 18 տարեկանին գրած էր իր «Վիպասանութիւններ» պատմական պոէմը, զարմացնելով իր շրջապատն ու ժամանակը:

Հապա՞ անկէ ետք՝ «Յիսուս Որդի»ն, չորս հազար տողանոց կրօնական ցուցմունքներով, հոգիի եւ մարմնի ապրումներու այս համադրումը:

Անգամի մը համար կարդացէ՛ք եւ փորձեցէ՛ք մօտէն ծանօթանալ այս հոգեւորի վաստակին ու անոր չափածոյ բոլոր երկերուն:

Շնորհալին՝ իր գրական անունն էր: Շնորհալի կոչուած էր, իր բազմաթիւ շնորհներէն մեկնած: Այսպէս, ձիրք, գիտակցութիւն, աստուածաբուխ երգեր եւ գրական երկեր կու գան հարստացնել իր ստեղծագործութիւններուն ցանկը, զինք լաւապէս ճանչնալու դաշտը:

Ս. Ներսէս Շնորհալին քնարերգու բանաստեղծ մը ըլլալով, իր բոլոր տողերը մէկական աղօթքներ էին, պարզ, յստակ եւ հասկնալի: Ու պատահական չէ որ իրեն շնորհուած էր «Շնորհալի» այս մակդիրը:

Անկարելի է քանի մը սիւնակներու մէջ խտացուած եւ նման յօդուածով մը պարզել այս գլխագիր հոգեւոր «Մեծ»ին մտքի, հոգիի եւ գրիչի մեծութիւնները, որոնք մէկական գոհար-գանձեր են մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ:

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝ այլ խօսքով, միջնադարեան մեծագոյն բանաստեղծ մը եւ մանաւանդ Ռուբինեան հարաստութիւն-թագաւորութեան սիւներէն մէկը, որ ծնած էր 1102-ին, Ծովք ամրոցին մէջ եւ վախճանած՝ 1163-ին:

Պատմութենէն նաեւ կը կարդանք, որ Ան՝ Գրիգորիս Պահլաւունի Կաթողիկոսի կրտսեր եղբայրն էր, Ներսէս Կլայեցի կամ Շնորհալի անունով կաթողիկոս:

Ու անհրաժեշտ է նաեւ յիշեցնել, որ հեզաբարոյ այս հոգեւոր պետը, հայոց այս համեստ կաթողիկոսը, ինքն էր այդ օրերուն հաւատքի միութեան մեր ուղին գծողը: Մեր հոգեւոր պատմութեան մէջ Ան եղաւ բարի ու մեծ օրինակը, որ Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր, անսահման նուիրումով ծառայեց իր հաւատքին եւ Հայց. Եկեղեցւոյ ու իր դարը լուսաւորեց շնորհիւ իր ստեղծագործ մտքի թռիչքներով:

Բնութիւն, հայրենիքի սէր, արիութիւն, ազգասիրութիւն եւ կորով, բոլորն ալ ներքին ապրումներով արտայայտուած, ժամանակի յուզող հարցերով էջեր էին, որոնք իր հրամցուցած էջերով գետի հոսքի սահուն ջուրերուն նման, դարձան մշտանորոգ, թարմ եւ միշտ կենսունակ:

Ինքն էր, որ առաջին անգամ մշակեց ժողովրդային բանահիւսութեան գանձարանը, օգտագործելով զանազան աղբիւրներ ու զանոնք մշակելէ ետք, վերադարձուց իր ժողովուրդին:

Իր բոլոր երկերուն մէջ հայ ժողովուրդն է շնչողը, կեանքի եւ բնութեան իրաւ պատկերներով եւ հասկնալի ոճովը: Մէկ խօսքով, մեծ բանաստեղծ մը, աւելին՝ ազգային գործիչ մը, հրապարակախօս աստուածաբանի տիպարով եւ ժողովրդային բանահիւսութեան սիրահար գրիչով:

Կարդացէ՛ք, Աւարայրի հերոս՝ Վարդան Մամիկոնեանի նուիրուած վարի այս տողերը ու դուք կ՚ունենաք գեղեցիկ եւ որոշ պատկերացում մը իր քրիստոնեայ եւ հաւատաւոր մտքի թռիչքին.-

Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինաց,
Վառեցար գինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու,
Վարդան, քաջ նահատակ, որ վանեցիր զթշնամին,
Վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցիր զեկեղեցի։

Շատեր, Հռոմկլայի այս մեծ հոգեւորականը որակած են իբրեւ Իմաստութեան առաքեալ: Եւ իրաւացի են:

Իր շրջանին էր, որ օտար եկեղեցիներ «Միութեան» անուան տակ, քաղաքական նպատակներէն մեկնած, կ՚ուզէին իշխել եւ տիրել Հայց. Առաքելական պատմական եկեղեցւոյ: Ահա եւ Ս. Ներսէս Շնորհալին, որ միշտ զբաղելով Հայ Եկեղեցին յուզող հարցերով, ամէն ճիգ թափած էր վերականգնել եկեղեցւոյ համահայկական իշխանութիւնը:

Տակաւին բոլորիս ծանօթ ալ է «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքն ու իր համեստ հեղինակը, որ միայն պարզ հոգեւոր հովիւ մը չէր, ոչ ալ սոսկ կաթողիկոս մը: Երբեք: Այլ՝ մարդասէր եւ մանաւանդ հայ մարդու հոգերով զբաղուող հայրապետ մը, 12-րդ դարու հայ գլխագիր Սուրբ մը, որ անկեղծութեան ջատագով մը ըլլալով հանդերձ, էր նաեւ նախապաշարումներու դէմ բուռն մաքառող վեհաշուք հոգեւորական մըն ալ էր, Քրիստոսի եկեղեցւոյ Միութեան ջահակիրի իր տիտղոսով միատեղ: Կարճ ըսելով՝ նուիրեալ եւ օրինակելի հոգեւոր ծառայ մը, մեր ազգին եւ մեր հաւատքին: Եզակի դէմք մը, որ միեւնոյն ատեն եզակի տեղ կը գրաւէ մեր հոգեւոր ու ազգային պատմութեան մէջ:

Իբրեւ սիրոյ եւ լոյսի երգիչ, բանաստեղծ-կաթողիկոս, բնութեան, հայրենիքի, արիութեան եւ հայ հաւատքի գրչի մարդ, ջերմեռանդ հաւատաւոր, Ան իբրեւ տիեզերական Վարդապետ, մեր Երկրորդ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉի կոչումին արժանացած էր. հաստատապէս:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023