ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը սարկաւագ ձեռնադրեց Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն Արտա Փնարճեանն ու Գրիգոր Էրքան Կարապետեանը։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022