​ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորումը (ՀԵՀԵՄ) վերջին օրերուն կազմակերպեց մեծ ուխտագնացութիւն մը։ «ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-սփիւռք կամուրջ» խորագրեալ այս համահայկական ուխտագնացութեան աւելի քան 200 հայ երիտասարդ մասնակցեցաւ՝ Հայաստանէն եւ աշխարհի այլ զանազան երկիրներէն։ 6-10 յուլիսին այս մեծ ուխտագնացութեան մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի զանազան սրբավայրերը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց երիտասարդ ուխտաւորները, որոնց իր օրհնութիւնը բաշխեց մայրավանքի համալիրէն ներս։

ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութիւններու աւանդութիւնը այսպէսով վերականգնուեցաւ՝ համավարակի շրջանի ստիպողական դադարէն վերջ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւ-մըտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն ու հոգեւոր տեսուչ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատուրեան։ Ուխտաւոր երիտասարդներուն միացան նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, որու ներկայացուցիչները գլխաւորուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ։ Խումբին մէջ էին նաեւ Երազ Չաղլայան, Շահին Ժան Քալտըրըմ եւ Տայք Միսիսօղլու։

 Ուխտագնացութեան օրերուն երիտասարդները այցելեցին Եռաբլուր, Սեւանայ վանք ու Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոց եւ այլ սրբավայրեր, ինչպէս նաեւ Բջնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ կատարուած Ս. Պատարագին։

Ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ մեծ համերգով մը՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի յայտնի երգիչներու եւ պարախումբերու։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2022