ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 11 դեկտեմբեր 2019, չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական պատգամաւորներ։

Ժողովը բացուեցաւ Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի արտասանած Տէրունական աղօթքով։ Ապա գործադրուեցաւ օրակարգը։ Նախ, առժամեայ դիւանին հրաւիրուեցան՝ երիցագոյն պատգամաւոր Օննիկ Նալպանտղազար, իբրեւ ատենապետ եւ կրտսերագոյն պատգամաւոր Սայաթ Սար, իբրեւ ատենադպիր։ Ներկաներու եւ պատգամաւորական փաստաթուղթերու ստուգումէն ետք կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն՝ բաց քուէարկութեամբ։ Խաչիկ Ճանէլ ընտրուեցաւ ատենապետ, Արշակ Փոլատ եւ Տանիէլ Անթիքաճըօղլու Բ. ատենապետներ, Արէտ Քարապուլութ եւ Գարին Ըշըքճը ատենադպիրներ։ Ապա կատարուեցաւ Հանգստեան աղօթք երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր  եւ Պատրիարքական Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Ձեռնարկուեցաւ ընտրութեանց եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցան նախ Պատկառելի կրօնական ժողովոյ անդամները ըստ հետեւեալի՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Գերպտ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ապա ձեռնարկուեցաւ պատրիարքի ընտրութեան եւ գործածուած 119 քուէներու վրայ 102 քուէներով «Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարք» ընտրուեցաւ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ընտրութեան արդիւնքը յայտարարուեցաւ դիւանի ատենապետին կողմէ եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ վար առնուեցաւ պատրիարքական գահուն վրայէն սուգի քօղը։

Ապա, 2 հոգեւորական ու 2 աշխարհական պատգամաւորներ կոչուեցան որպէս հրաւիրակներ, որոնք իորընտիր Պատրիարք Սրբազանը հրաւիրեցին յատենի ժողովոյ։

Իր սրտի խօսքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամներուն ու Թուրքիոյ հայ համայնքի զաւակներուն ու ընդունեց պատգամաւորներու շնորհաւորութիւնները։

ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

11 Դեկտեմբեր 2019
11979

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019