ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿՐԵՏԷԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կրետէ կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ նորանշանակ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի։ Հարկ է նշել, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկով վերջերս տեսուչ նշանակուած է Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։ Նկատի ունենալով, որ Կրետէ կղզին մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն՝ նորանշանակ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները յարմար նկատած էին այցելել Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանն ու ծխական խորհուրդի անդամները։ Ան շնորհաւորեց նորանշանակ տեսուչը, որուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Հարկ է նշել, որ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Հրաշափառի արարողութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանին համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023