ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԱՌՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԽԱՐՈՅԿԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասուն օրուան մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճար։ Բերկրառատ տօնի սկիզբը ազդարարուեցաւ երէկ երեկոյեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատօնակը տեղի ունեցաւ աւանդական շուքով։ Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութիւն, որուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Նախատօնակին յաջորդեց տարուան առաջին անդաստանի արարողութիւնը, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։

Այս բոլորէն վերջ եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայրավանքի միաբանական շէնքի շրջափակը, ուր, բազում հաւատացեալներու ներկայութեամբ, ձեռամբ հանդիսադիր սրբազան հօր վառուեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը, որու շուրջ համախմբուած Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան հոգեւոր եւ ազգային երգերու կատարումներով։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ Տեառնընդառաջի տօնը հռչակուած է՝ Նորապսակներու օրհնութեան օր։ Ուստի, այսօր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022