ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Այսպէս, թեմակալ առաջնորդ ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս։

Փարիզի հայկական զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, Թեմական պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Իսի-Լը-Մուլինոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ֆրանսահայոց թեմի բոլոր ծուխերէն հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովի արդիւնքով առաջնորդի պաշտօնին կոչուեցաւ 48-ամեայ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեան։ Այս վերջինը կը հանդիսանայ թեմի արդէն երրորդ առաջնորդը՝ յաջորդելով Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանին եւ Տ. Վահան Արք. Յովհաննիսեանին։

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Սահակ Սրկ. Սուքիասեան, որ միեւնոյն ժամանակ Իսի-Լը-Մուլինոյի եկեղեցւոյ սպասաւորներէն մին է, Թեմական պատգամաւորական ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Թեմական պատգամաւորական ժողովի արդիւնքներուն շուրջ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնապէս պիտի իրազեկուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի նորընտիր առաջնորդը ստանայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնը։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022