ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։

«Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփ ու Մարիամ, մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, քանի որ Տիրոջ օրէնքին մէջ գրուած է.- Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է» (Ղուկ Բ 22-23)։ Աւետարանի այս տողերը ցոյց կու տան՝ թէ «Տաճար ընծայում»ը Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն կը կատարուէր ծնողներու կողմէ՝ իրենց «արու զաւակը, որ մօրը առաջին զաւակն է» ընծայելու տաճար։ Եւ այդ կը կատարուէր ծննդեան քառասուներորդ օրը։

Արդ, Երուսաղէմի մէջ Սիմէոն անունով մարդ մը կար… Եւ անոր Ս. Հոգիէն հրամայւած էր մահ չտեսնել, մինչեւ որ տեսնէր Տիրոջ Օծեալը:
 (Ղուկ 2. 25-30)

Ան Ս. Հոգիով առաջնորդուած՝ եկաւ տաճար, եւ երբ ծնողները բերին Յիսուս մանուկը՝ անոր վրայ կատարելու այն, ինչ որ օրէնքի սովորութեան համաձայն էր, Սիմէոնը զԱյն իր գիրկը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ. «Այժմ, ո՛վ Տէր, խաղաղութեա՛մբ արձակէ քու ծառան՝ ըստ քու խօսքի. որովհետեւ աչքերս տեսան փրկութիւնը քու, որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներու առաջ, լոյս, որ կ՚ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներու համար եւ փառք՝ Իսրայէլի քու ժողովուրդի համար»:

Տէրունի տօնը կը յիշատակէ քառասուն օրուան Յիսուսի ընծայումը: Ըստ հրէական օրէնքի, ամէն արու զաւակ ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանային սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինի մայրը իր երախայի հետ կ՚այցելէր տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ իր զաւակի համար օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն: Այսպէս եւ Սուրբ Աստուածամայրը քառասուն օրական Յիսուսի հետ կը ներկայանայ տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս աւետարանիչ (Ղուկ 2. 22-24):  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022