Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԳԱՐԱՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումնառութեան համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջին Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Գուգարաց թեմէն ներս։ Վանաձորի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Կրօնական արարողութիւններէն եւ երիտասարդաց օրհնութեան կարգէն վերջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ երկար տարիներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետը եղած է, այս առթիւ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յղեց ուսումնառութեան համար յաջողութեան մաղթանքներ։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022