ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Ե­րէկ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ան­թի­լիա­սի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջին օ­րե­րուն Քուէյթ այ­ցե­լեց՝ մաս­նակ­ցե­լով Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան։ Օգ­տուե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս գտնուե­լու ա­ռի­թէն՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այ­ցե­լեց նաեւ Ան­թի­լիաս, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեա­նի։ 

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս եւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րուն ըն­թաց­քը։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին գա­հա­կա­լը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած աշ­խա­տան­քին մասին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015