ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Աթիլիասի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու կողակիցը՝ Սօնա Խանճեանը։ Հիւրերուն ընկերացան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս հանդիպումը, որու ընթացքին ընդհանուր ակնարկ մը կատարուեցաւ հայ կեանքի պարզած այժմու կացութեան՝ Հայաստանի, Արցախի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ առանցքներով։ Յատուկ կարեւորութեամբ մատնանշուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ տասնամեակներէ ի վեր ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ կատարուած թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական աջակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ։ Այդ բոլորը վերականգնումի աշխատանքներու ուղղուած են։

Իր կարգին, Զաւէն Խանճեան ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան կարեւորեց միաբաններու հոգեմտաւոր կազմաւորումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ նպաստ յատկացնելու ուղղութեամբ համալսարանական ուսում ստացող միաբաններուն։ Ըստ Զաւէն Խանճեանի, կառոյցը պատրաստակամ է նաեւ յառաջիկային մասնակից դառնալու Տէր Զօրի համալիրի վերակառուցման աշխատանքներուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021