ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Հռիփսիմեանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներուն առընթեր արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարաեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Պատարագիչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթերակայ էին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ի ժամ Ս. Պատարագի սարկաւագ ձեռնադրեց Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն Արտա Փնարճըն եւ Գրիգոր Էրքան Կարապետեանը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց խումբին կողմէ՝ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի մականին ներքեւ։

Արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022