Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔՍ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։ Աւարտաճառի յաջող պաշտպանութենէն վերջ, վերջին օրերուն ան արժանացած էր մասնաւոր վարդապետի աստիճանին։

Այս բոլորէն վերջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի քաղաքս վերադարձի ժամանակը արդէն եկած է։ Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքի համալիրէն ներս իր կեցութեան ու աշխատանքի ժամանակաշրջանը աւարտած ըլլալով՝ ան այս շաբաթավերջին արդէն հրաժեշտ պիտի առնէ միաբանութենէն, որու անդամները ամիսներէ ի վեր ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցած են զինքը։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան քաղաքս վերադառնալէ վերջ անմիջապէս առաքելութեան պիտի ձեռնարկէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր այս շաբաթավերջի դրութեամբ կիրակնօրեայ կանոնաւոր Ս. Պատարագները մատուցուիլ պիտի սկսին։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022